ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայաստանի Սահմանադրական ատեանի նախագահ Արման Տիլանեանը։ Երկրի քաղաքական տագնապի մթնոլորտին մէջ տեղի ունեցած զրոյցի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը կարեւորեց Սահմանադրական ատեանի առաքելութիւնը օրինականութեան եւ արդարութեան պաշտպանման ուղղութեամբ։

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգի հաղորդումներով, զրոյցի տեւողութեան անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանէ ներս ստեղծուած իրավիճակին։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 25, 2020