Երեքշաբթի 26, Նոյեմբեր 2024
ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ԹԱՅԼԱՆՏԷՆ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Թայլանտէն ուխտաւորներու խումբ մը։ Թայլանտի մօտ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Արթօ Արթինեանի կողմէ կը գլխաւորուէին ուխտաւորները։
Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց ուխտաւորներու ներկայութիւնը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։ Ան ընդգծեց, որ նման այցելութիւնները մեծապէս կը նպաստեն ժողովուրդներու փոխադարձ ճանաչման եւ միջմշակութային կապերու զարգացման։
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս Հայաստանեայց Առաքելեան Եկեղեցւոյ առանձնայատուկ դերակատարութեան։
Շաբաթ, Հոկտեմբեր 26, 2024
Եկեղեցական
- 11/26/2024