ՍՈՒՐԲ ՍՏԵՓԱՆՈՍԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՏՕՆԸ
Երէկ, Ս. Ստեփանոս նախավկայի յիշատակութեան օրը, Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս ծառայող սարկաւագներու տօնն էր։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ արարողութիւններուն հանդիսապետեց Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ ձեռամբ՝ Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի տնօրէն Տ. Վարդան Եպսկ. Նաւասարդեանի։ Պատարագիչ սրբազան հայրը միեւնոյն ժամանակ կատարեց նոր սարկաւագներու ձեռնադրութիւն։ Նորին սրբազնութիւնը միեւնոյն ժամանակ տուաւ օրուան քարոզը՝ նորընծայ սարկաւագներուն յիշեցնելով, որ ուրարը կը խորհրդանշէ Տիրոջ լուծը։
Սարկաւագական ձեռնադրութիւն կատարելու կապակցութեամբ Տ. Վարդան Եպսկ. Նաւասարդեան յայտնեց իր որդիական երախտագիտութիւնը՝ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետին նկատմամբ։ Ան նշեց, որ ներկայիս Վեհափառ Տիրոջ առաջնորդութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հոգեւոր-կրթական հաստատութիւնները նոր աւիւնով՝ հաւատքով, նոր սխրանքներու, մեծ գործերու պատրաստ երիտասարդներով կու գան լրացնել միաբանութեան շարքերը։
Ս. Պատարագի աւարտին եկեղեցականաց դասը եւ ներկայ հաւատացեալները հնարաւորութիւն ունեցան համախմբուելու տօնին առթիւ Մայր Տաճարի աւանդատուն-թանգարանէն դուրս բերուած Ս. Ստեփանոսի մասունքով Աջին շուրջ եւ ստացան անկէ ճառագող օրհնութիւնը։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Մայր Աթոռի բոլոր սարկաւագներն ու նորընծաները՝ ուղեկցութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեանի, Տ. Վարդան Եպսկ. Նաւասարդեանի եւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի տեսուչ Տ. Գարեգին Վրդ. Համբարձումեանի։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը ունի 141 միաբան սարկաւագ եւ 39 սարկաւագներ ալ ներկայիս կ՚ուսանին Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանին մէջ։
Եկեղեցական
- 11/27/2024