Ս. ՍՏԵՓԱՆՈՍԻ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ ՆՈՐ ՍԱՐԿԱՒԱԳՆԵՐՈՒ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին երէկ նշեց Ս. Ստեփանոս նախավկայի եւ առաջին մարտիրոսի յիշատակութեան օրը, որ միեւնոյն ժամանակ սարկաւագներու տօնն է։ Այս առթիւ Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. Պատարագի ընթացքին տեղի ունեցաւ սարկաւագական ձեռնադրութիւն։ Պատարագիչն էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեան։ Ս. Ստեփանոսի տօնակատարութիւններուն ժամանակ նոր սարկաւագներու ձեռնադրութիւնը վերջին տարիներուն դարձած է գեղեցիկ աւանդութիւն մը։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, պատարագիչ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեան ձեռնադրեց 35 նոր սարկաւագ։ Արարողութեան ընթացքին, ձեռնադրութեան Ս. Խորհուրդի աւարտին Նորին Սրբազնութիւնը անդրադարձաւ Ս. Ստեփանոսի կերպարին ու նահատակութեան, նաեւ արտայայտուեցաւ սարկաւագութեան խորհուրդին։ Ան ըսաւ.
«Սիրելի սարկաւագ եղբայրներ, հոգեւոր աստիճանը փառքի աստիճան չէ, հոգեւոր աստիճանը ինչքեր կուտակելու աստիճան չէ, հոգեւոր աստիճանը հպարտութեան աստիճան չէ, այլեւ՝ խոնարհութեան, ծառայումի եւ նուիրումի աստիճան է։ Սարկաւագութիւն ըրէք, ծառայութիւն մատուցէք հաւատացեալներու մէջ, ծառայութիւն բերէք անհաւատներու շարքերէն ներս՝ զանոնք եկեղեցի բերելով, ծերանոցներ այցելեցէք, բանտարկեալներուն, հիւանդներուն այցելեցէք եւ ընդհանրապէս՝ ծառայութիւն մատուցէք բոլոր անոնց, որոնք ունին կարիքը»։
Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեան ձեռնադրութեան առթիւ շնորհաւորեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ամբողջ միաբանութիւնը՝ Ամենայն Հայոց Հայրապետի գլխաւորութեամբ, ինչպէս նաեւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի տեսչութիւնը, նորաթուխ սարկաւագներու ծնողներն ու հարազատները։
Ս. Պատարագի աւարտին, եկեղեցական դասը եւ ներկայ բարեպաշտ ժողովուրդը հնարաւորութիւն ունեցան համբուրելու Ս. Ստեփանոսի մասունքով Աջը եւ ստանալու անկէ բխած օրհնութիւնը։ Հարկ է նշել, որ օրուան տօնին առթիւ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի աւանդատուն-թանգարանէն Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարը տարուած էր այդ մասունքը։
Յաւարտ Ս. Պատարագի նորընծաներն ու Սուրբ Էջմիածնի միաբան սարկաւագները ընդունուեցան Վեհափառ Հայրապետին կողմէ։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեան եւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի տեսուչ Տ. Գարեգին Վրդ. Համբարձումեան։ Սարկաւագաց դասը Նորին Սրբութիւնը ողջունեց «Ստեփանոս, քաղցրիկ տատրակ» տաղի երգեցողութեամբ։ Ապա Տէրունական աղօթքը արտասանուեցաւ միաբերան։ Վեհափառ Հայրապետը բոլորին փոխանցեց իր պատգամն ու օրհնութիւնը։ Ան մանաւանդ շնորհաւորեց նոր ձեռնադրուած սարկաւագները ու շեշտեց, որ անոնց առջեւ նոր հորիզոններ կը բացուին՝ իրագործելու Հայ Եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս նուիրեալ եւ անձնդիր ծառայութեան իրենց տեսիլքը։ Վեհափառ Հայրապետը գոհունակութեամբ արձանագրեց, որ Մայր Աթոռի զանազան կառոյցներէն եւ թեմերէն ներս սպասարկութեան կոչուած սարկաւագները նուիրեալ ծառայութեամբ կը նպաստեն Հայ Եկեղեցւոյ պայծառութեան ու սրբազան առաքելութեան արդիւնաւորման։ Հայոց Հովուապետը յորդորեց սարկաւագաց դասուն վարքագծով եւ անձնուէր ծառայասիրութիւնով յաւելել Հայոց Եկեղեցւոյ պատիւն ու համբաւը՝ մաղթելով, որ Աստուծոյ ողորմութեամբ արժանանան նաեւ քահանայական կոչման եւ իբրեւ օծեալ եկեղեցականներ իրենց սպասաւորութիւնը բերեն զանազան համայնքներէ ներս։
Վերջաւորութեան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը հայցեց Ս. Հոգւոյ առաջնորդութիւնը անոնց համար, որպէսզի սարկաւագներու կեանքը իմաստաւորուի բարի եւ օրհնեալ գործերով։