ՏԻՐՈՋԸ ՊԷՏՔ ԵՆ

«Տեառն իւրեանց պիտոյ են»
(Մատթէոս, 21.3)

Աղուհացից օրերը, Քրիստոսի առակները ցոլացնող կիրակիները՝ իւրաքանչիւրը իր իմաստով եւ խորհուրդով ներկայացած, այլեւս այս տարուան պատմութեան էջերուն մաս կը կազմեն։ Եկեղեցական օրացոյցը ըստ նախընթացի մեզ առաջնորդեց եւ հասցուց տարւոյն ամենանուիրական եւ սուրբ շաբաթին, որ է Աւագ շաբաթը։

Ծաղկազարդի կիրակին է։ Տօնացուցային կոչումով «Տօն գալստեան Քրիստոսի Աստուծոյ մերոյ յաւանակաւ յԵրուսաղէմ»։ Աւագ շաբթուան իւրաքանչիւր օրը ունի խորհրդաւոր իմաստ եւ եկեղեցին հաւատացեալները կը հրաւիրէ քայլ առ քայլ հետեւելու Քրիստոսի սուրբ տնօրինութեանց։ Այս տնօրինութիւններուն մէջ կայ առակներով հարստացած երկար քարոզութիւն, սակարկութիւն վասն մատնութեան, սիրոյ սեղան եւ «անարիւն զենման քահանայութեան» աւանդում, խոնարհութիւն, տագնապալի պահեր, մատնութիւն, ծաղրանք, ապերախտութիւն, չարչարանք, խաչելութիւն, թաղում եւ ի վերջոյ յաղթական Սուրբ Յարութիւն։ Երանի թէ պսակաժահրի համավարակը չի սպառնար մարդկային առողջութեան եւ մեր աղօթքի տուները յիրաւի վերածուէին ապրող Երուսաղէմի, թէ՛ տօնակատարութեան հոգեւոր ուրախութեամբ, թէ՛ արարողութիւններու մասնակցութեամբ եւ թէ Աստուծոյ փառքին ընծայուած տաճարներուն մէջ ապրելու Քրիստոսի յայտնութեամբ պսակուած մեծ ընտանիքի մը պատկանած ըլլալու երջանկութիւնը։ Ծաղկազարդի կիրակիին երբ կը կարդանք սահմանուած Սուրբ Աւետարանի բաժինները, կը հանդիպինք Քրիստոսի առաքեալներու տուած հրահանգին։ Մեր Փրկիչը իր առաքեալներէն երկուքը կը ղրկէ ըսելով. «Գացէք այդ գիւղը, որ ձեր դիմացն է, եւ իսկոյն պիտի գտնէք կապուած էշ մը եւ քուռակ մը անոր հետ. քակեցէք ինծի բերէք։ Եւ եթէ մէկը բան մը ըսէ ձեզի՝ ըսէք որ իրենց տիրոջը պէտք են» (Մատթէոս, 21.3)։ Ո՞վ էր այն տէրը, որ ըստ իր խօսքին կարիքն ունէր այս երկու համեստ անասուններուն. Քրիստոս Աստուած՝ մարմնացեալ Բանն Աստուծոյ, Յայտնութեան Յովհաննու գրքին բառերով «Ալֆան եւ Օմեղան՝ սկիզբը եւ վախճանը» (Յայտ. 1.8)։ Բառարաններ ունին բառ մը, որ որպէս ստորոգելի ինքնին կը բնութագրէ Տիրոջ մասնայատկութիւններէն մին. անկարօտ։ Նարեկայ վանքի աղօթանուէր վանականին բառերը զուգահեռաբար նոյն իմաստը կ՚արտայայտեն. «…եթէ Քուկիններէդ մեզ առատաձեռնել ուզես՝ հարուստ ես. եթէ դեռ մենք չուզած՝ Դուն երկնցնել կամենաս. անկարօտ ես» (Նարեկ, ՀԶ. Բ, թրգ. Քասիմի)։

Երուսաղէմը, գլխաւորութեամբ Հերովդէս թագաւորին երեսունեւերեք տարի առաջ արեւելքէն եկած մոգերու պարզ մէկ հարցումին վրայ տակնուվրայ եղած էր եւ քաղաքը՝ խռոված (Մատթէոս, 2.1-3)։ Այդ խռովութիւնը հասած էր այն աստիճանի, որ Բեթղեհէմը եւ անմիջակայ շրջակայքը անմեղ մանուկներու արիւնով ներկուած էր։

Աստուծոյ Միածին Որդիին Բեթղեհէմի համեստ մսուրին մէջ աշխարհ գալը Հայր Աստուծոյ կամքն էր։ Քրիստոս հայրակամ տնօրինութեամբ իջաւ աշխարհ, որպէս փրկիչ համայն մարդկութեան։ Սա նոյնինքն խոնարհութեան ապրող օրինակն էր։ Յաւիտենական ու մշտնջենաւոր Աստուած, որ երկնքի մէջ բազմած էր քերովբէներու փառքի աթոռին վրայ «մեր ստորին աշխարհին իբրեւ լոյս ծագեցաւ եւ մեզ լուսաւորեց մեր խաւարային մեղքերէն։ Անսահման Աստուած մեզի համար սահմանափակուիլը յանձն առաւ եւ Սուրբ Հոգիի շնորհները թափեց ու սփռեց իր արարածներուն վրայ» (Աղօթք՝ Արեւագալի ժամու)։

Մեծ պահոց օրերուն այս աղօթքը բարձրաձայնեցինք եւ հիմա Յիսուս Քրիստոսի Երուսաղէմ մուտքի տօնին կը տեսնենք, թէ անկարօտն Աստուածորդին Իրեն համար պիտանի կը յայտարարէր էշն ու քուռակը։ Այս երկու կենդանիները իսկութեան մէջ պէտք էր։ Քրիստոս իր իսկ բառերով արտայայտած էր, թէ «Աղուէսները որջեր ունէին, եւ երկնքի թռչունները՝ հանգչելու տեղ, բայց մարդու Որդին գլուխը դնելու տեղ չունէր» (Ղուկաս, 9.58)։ Սա Քրիստոսի համեստ կենսավիճակը կը ներկայացնէր եւ Թագաւոր Երկնաւոր՝ Քրիստոս այս պայմաններու մէջ կը գտնուէր, երբ յաղթական մուտքը կ՚իրականանար Երուսաղէմ, ժողովրդային լայն զանգուածներու մասնակցութեամբ։ Հրեայ ժողովուրդին աչքին առջեւ փառքով յայտնուած Քրիստոս տարբեր էր Հռովմայեցի զօրավարներէն կամ աշխարհակալներէն եւ կամ պատերազմներէ յաղթական վերադարձող հրամանատարներէն։ Անոնք ժողովուրդին կը յայտնուէին հեծած փառաւոր ձիերու վրայ։ Իսկ Քրիստոս համեստութեան եւ խոնարհութեան ընդմէջէն կը ներկայանար հեծած՝ համեստ իշու մը վրայ, մինչ ժողովուրդը զինքը կը դիմաւորէր Մեսիայի յատկացուած սաղմոսներով։

Տէրը պէտք ունէր այդ անասուններուն եւ երբ անոնց հետ Երուսաղէմ կը մտնէր, կ՚իրականանար  Զաքարիա Մարգարէի մարգարէութիւնը. «Մեծապէս ուրախացի՛ր, ո՛վ Սիոնի աղջիկ, ցնծութեամբ աղաղակէ՛, ո՛վ Երուսաղէմի աղջիկ. ահա քու թագաւորդ քեզի կու գայ. անիկա արդար ու փրկիչ է, հեզ է ու իշու վրայ հեծած եւ իշու ձագի՝ աւանակի վրայ» (Զաքարիա, 9.9)։

Քրիստոս Փրկիչ էր աշխարհի։ Անկարօտ Աստուծոյ, մեղաւոր մարդկութեան նկատմամբ սնուցած անսահման սիրոյն եւ մեծ ողորմութեան արդիւնքն էր Քրիստոսի ներկայութիւնը «ստորին աշխարհի մէջ»։ Աստուծոյ սէրը համամարդկային է։ Աստուծոյ բազուկները անսահմանօրէն լայն բացուած է, որպէսզի Իր անծայրածիր գրկին մէջ ընկալէ բոլոր մարդկութիւնը։ Եւ այս փրկագործութեան խորհուրդին մէջ իրենց տեղը ունին այն երկու անասունները, որոնք պէտք էին Քրիստոսի։ Եկեղեցւոյ հայրերը իրենց մեկնաբանութեանց մէջ այս երկու անասուններու մէջ կը տեսնեն հրեայ ժողովուրդը եւ հեթանոսները։ Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետը Մեծ պահոց վեցերորդ կիրակիի, որ է Գալստեան, օրհնութեան շարականին մէջ թարգման կը հանդիսանայ այս մեկնաբանութեանց՝ ըսելով. «Սմին նման տայ աւետիս Զաքարիաս Նոր Սիովնի, եթէ ուրախ լեր ահա գայ առ քեզ խոնարհ եւ հեզ արքայ. Նստեալ ի յէշ եւ յաւանակ կրկին ազանց գոլ օրինակ»։ Մեր ոսկեղնիկ գրաբարով մեզի հասած այս գեղեցիկ շարականը ըսել կ՚ուզէ. «Զաքարիան ասոր նման աւետիս կու տայ Նոր Սիոնին, թէ ուրախ եղիր, ահա քեզի կու գայ խոնարհ եւ հեզ Արքան՝ նստած իշու եւ աւանակի վրայ երկու ազգեր խորհրդանշող» (Աշխարհաբար բնագիր՝ Եփրեմ Արք. Թապաքեանի)։

Այս խորհուրդը խորքին մէջ պատասխան էր հրեայ ժողովուրդին, որոնք իրենց Աբրահամի զաւակ ըլլալու հանգամանքը կը նկատէին առանձնաշնորհում մը։ Յովհաննէս Մկրտիչ անապատին մէջ Սադուկեցիներուն եւ Փարիսեցիներուն յստակ կերպով յայտարարած էր, թէ «Աստուած կարող էր քարերէն Աբրահամի որդիներ յարուցել» (Մատթէոս, 3.9)։ Աբրահամի տրուած խոստումը պիտի տարածուէր նոր Ուխտի ժողովուրդին վրայ. ժողովուրդ մը՝ որուն սահմաններէն ներս «չկար խտրութիւն Հրեայի եւ հեթանոսի, քանի որ նոյն Տէրը ամէնունն էր, հասնող՝ բոլորին, որոնք կը կանչէին զինքը, որովհետեւ ով որ Տիրոջ անունը կանչէր՝ պիտի ապրէր» (Հռովմայեցիս, 10.12-13)։ Քրիստոս բարի հովիւի օրինակով արտայայտուելով, ըսած էր, թէ «ունէր նաեւ ուրիշ ոչխարներ եւս որոնք ուրիշ գաւիթի մէջ էին եւ անոնք ալ պէտք էր իր գտնուած գաւիթը բերէր, որպէսզի իր ձայնը լսելով ըլլային մէկ հօտ եւ մէկ հովիւ» (Յովհաննէս, 10.16)։ Քրիստոսի մարմինը՝ Եկեղեցին այն նուիրական գաւիթն է, ուր կրնան հաւաքուիլ բոլոր անոնք, որոնք «սրտով հաւատալով եւ բերնով խոստովանելով» կապուած են Աւետարանին եւ մկրտուելով արժանացած են Հօր Աստուծոյ որդեգրութեան պատիւին, նաեւ դառնալով ժառանգակիցներ Քրիստոսի։

«Տեառն իւրեանց պիտոյ են»։ Երուսաղէմ քաղաք մուտքի առիթով արտասանուած այս բառերը ի զօրու են Նոր Սիոնի՝ Եկեղեցւոյ համար։ Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ այս բառերէն ծլարձակուած առաքելութիւնը անցեալին յայտարարած է, ներկայ ժամանակներուն կը շարունակէ յայտարարել, նաեւ ապագային եւս՝ մինչեւ ի կատարած աշխարհի պիտի յայտարարէ Քրիստոսի խօսքը, որպէս խթանող պատգամ. «Հունձքը առատ է, իսկ մշակները՝ քիչ։ Արդ աղաչեցէք հունձքի տիրոջ, որ մշակներ դուրս հանէ իր հունձքին համար» (Ղուկաս, 10.2)։ Ուրեմն Քրիստոսի մարմինը պէտք ունի մշակներու։ Եկեղեցին ընդարձակ ընտանիք մըն է, որուն անդամները կը բաժնեն նոյն հաւատքը, սակայն իւրաքանչիւրը ունի իր մասնայատկութիւնները, զորս կրնայ առ ոտս Քրիստոսի փռել, ինչպէս Երուսաղէմ մուտքին ժողովուրդէն շատեր իրենց զգեստները փռեցին անցքի ճանապարհին վրայ։ Քրիստոսի գործը կը շարունակէ Եկեղեցին եւ անոր համար ալ կարիքը ունի ծառայողներու։ Եկեղեցւոյ կոչնակը հաւատացեալը կը հրաւիրէ պաշտամունքի։ Եկեղեցին կը կանչէ նաեւ ծառայութեան։ Եւ այդ կանչերը երբ կ՚իյնան բերրի հողերու մէջ, կը պտղաբերին եւ հաւատացեալ մարդիկ զգալով, թէ «իրենց Տիրոջ պէտք են», կ՚ընդառաջեն այս կանչին։ Կանչողը եւ կամաւորապէս ընդառաջողը. Կանչողին համար կը բացուի շինութեան, պայծառութեան ճանապարհը, իսկ ընդառաջողին համար՝ օրհնութեան եւ Աստուծոյ փառքին ծառայելու գոհունակութեան։

Բացառութիւնները միշտ յարգելով, կարելի է անդրադառնալ այն ճշմարտութեան, ուր որեւէ մակարդակի վրայ Եկեղեցւոյ ծառայութեան նկատմամբ զգացուած կոչումը միշտ ալ դրական անդրադարձ չ՚ունենար ընտանեկան յարկերու ներքեւ։ «Տեառն իւրեանց պիտոյ են» կանչը յաճախ կը փորձեն անձայնութեան մատնել զանազան պատճառներ եւ կամ աշխարհիկ վաղանցուկ որպէս թէ արժէքներ յառաջ քշելով։ Ամէն փորձ, որ կամայ եւ ակամայ կը ձգտի այդ կանչին ձայնը խզելու, կը ներկայանայ որպէս քար գայթակղութեան։ Քրիստոս անոնց եւ անոնց նմաններուն համար ըսաւ. «անկարելի է որ գայթակղութիւն չգայ, բայց վա՜յ անոր, որուն ձեռքով կու գայ։ Աւելի լաւ կ՚ըլլար անոր, եթէ իր վիզէն երկանաքար մը կախուէր, եւ ան ծովը նետուէր, քան թէ այս փոքրիկներէն մէկը գայթակղեցնէր» (Ղուկաս, 17.1-3)։

Երբ կը տօնենք Քրիստոսի Երուսաղէմ մուտքը, լսենք «Տեառն իւրեանց պիտոյ են» բառերը իր լիութեամբ եւ մենք ալ մեր կարգին ըսենք «Տէրը պիտոյ է մեզի համար» եւ «առանց Անոր ոչինչ կրնանք ընել» (Յովհաննէս, 15.7)։ Յիշենք, Աստուած որ երկինքի մէջ կը բազմի քերովբէական աթոռի վրայ, իր գթութեամբը գայ եւ նստի մեր հոգիներուն մէջ։

Սաղմոսաց Գրքի «Ո՛վ Երուսաղէմ, եթէ քեզ մոռնամ, թո՛ղ իմ աջ ձեռքս իր պաշտօնը մոռնայ. թո՛ղ իմ լեզուս իմ քիմքիս փակչի, եթէ քեզ չյիշեմ, եթէ Երուսաղէմը իմ գլխաւոր ուրախութենէս աւելի մեծ չհամարեմ» (136/137.5-6) բառերը կը բուրեն զոհողութիւն եւ անխզելի կապ՝ Երուսաղէմի նկատմամբ։ Բոլորս զաւակներն ենք մեր Սուրբ Եկեղեցիին։ Սաղմոսի բառերը կրնանք պատշաճեցնել մեր եկեղեցւոյ, որ այդ պարագային բոլորիս համար կը ներկայանայ իր ծանրակշիռ իմաստով։

Որքա՜ն լաւ կ՚ըլլայ, երբ այս բառերը օգտագործենք Աստուծոյ փառքին, մեր եկեղեցւոյ պայծառութեան համար գործօն մասնակցութիւն բերելու ուղղութեամբ որպէս ուխտադրութիւն, միշտ շեշտելով, թէ բոլորս այս ուղղութեամբ «մեր Տիրոջը պէտք ենք»։

Ծաղկազարդի կիրակիին առողջապահական նկատումներով դրուած արգելքին պատճառաւ դժբախտաբար պիտի մնանք առտնին աղօթողի դիրքին վրայ։ Ի բոլոր սրտէ մաղթենք, որ Աստուած իր բուժարար զօրութեամբ միջամտէ եւ անոնք, որոնք կը տառապին համավարակէն ազդուած ըլլալով իրենց վերագտնեն իրենց առողջութիւնը։ Նաեւ բուժման կարօտ բոլոր հիւանդներուն ցաւերը փարատէ եւ ամենայաղթ Սուրբ Խաչի Նշանին զօրութեամբ արագ ապաքինման արժանացնէ։ Ի Քրիստոս ննջածներուն համար կ՚աղօթենք առ Աստուած, որպէսզի լուսաւորէ իրենց հոգիները եւ արժանացնէ երկնային անթառամ պսակներուն։

Աւագ շաբթուան իւրաքանչիւր օրը իր օրհնաբեր պատգամներով առաջնորդէ բոլորս, ընկալելու Սուրբ Յարութեան Աւետիսը։

Աստուծոյ օրհնութիւնը բոլորիս հետ ըլլայ. Ամէն։

ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

22 մարտ 2021, Գատըգիւղ

Շաբաթ, Մարտ 27, 2021