Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան կ՚այցելէ Սուրբ Երուսաղէմ։ Ծանօթ է, որ Սուրբ Քաղաքին մէջ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին այս Կիրակի պիտի տօնախմբէ Ս. Զատիկը, ըստ հին տոմարի։ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանի հրաւէրով՝ Ս. Յարութեան տաղաւարին առթիւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան պիտի պատարագէ Տէր Յիսուսի լոյս գերեզմանին վրայ՝ Երուսաղէմի Ս. Յարութեան տաճարին մէջ։ Ան մասնակցութիւն պիտի բերէ նաեւ Աւագ շաբթուան արարողութիւններուն։
Նորին Սրբազնութեան կ՚ուղեկցին Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան եւ որպէս գաւազանակիր Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Իսթանպուլէն խումբ մը ուխտաւորներ ալ այս օրերուն կ՚այցելեն Երուսաղէմ։
Հարկ է նշել, որ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան շուրջ շաբաթ մը վերջ պիտի վերադառնայ քաղաքս։