ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆ՝ ՆՈՐՈԳ ՀԱՆԳՈՒՑԵԱԼ ՎԱՐԴԱՆ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆԻ ՀԱՄԱՐ

Սփիւռքահայ նորոգ հանգուցեալ գիտնական ու հասարակական գործիչ Վարդան Գրիգորեան շաբաթավերջին ոգեկոչուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։ Ս. Գայիանէի վանքին մէջ մատուցուած կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի աւարտին, ողբացեալ Վարդան Գրիգորեանի համար կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որուն նախագահեց Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։ Ներկայ էր նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան։ Արարողութեան մասնակցեցան «Աւրորա» մարդասիրական նախասիրութեան համահիմնադիրներէն Ռուբէն Վարդանեան եւ համանուն մրցանակի դատակազմէն Լորտ Արա Տարզի։ Այս առթիւ առ Աստուած աղօթք բարձրացուեցաւ լուսահոգի Վարդան Գրիգորեանի յաւիտենական նենջի հանգստութեան համար։

Եկեղեցական արարողութենէն վերջ, Վեհարանի մէջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ Նիւ Եորքի «Քառնեկի» հիմնադրամի նախկին նախագահ բարեյիշատակ Վարդան Գրիգորեանի օրինակելի կերպարին։ Նորին Սրբութիւնը յիշեցուց, որ հանգուցեալը եղած էր «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան հիմնադիրներէն եւ բարձր գնահատանքի արժանացած էր իր գործունէութիւնը՝ որպէս կրթական, գիտական եւ հանրային յայտնի գործիչ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 27, 2021