ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՆՆԱ ՅԱԿՈԲԵԱՆԸ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողակիցը՝ Աննա Յակոբեանը, որ կը գլխաւորէ «Իմ Քայլը» եւ «City of Smile - Ժպիտներու քաղաքը» բարեգործական հիմնադրամներու հոգաբարձուներու խորհուրդները։ Կը հաղորդուի, որ Աննա Յակոբեան Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուցած է իր ղեկավարած երկու հիմնադրամներու գործունէութիւնը, ծրագրերն ու արդէն ձեռնարկուած աշխատանքները։ Քննարկուեցան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Աննա Յակոբեանի գլխաւորած հիմնադրամներու միջեւ համատեղ կրթական, ընկերային, առողջապահական ծրագրեր իրականացնելու, համատեղ համագործակցութեան ուղղեալ շարք մը հարցեր։
Հարկ է նշել, որ վերոյիշեալ հիմնադրամներու հոգաբարձուներու կազմին մէջ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը ունի ներկայացուցիչ։