ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Եւրոխորհուրդի «Ժողովրդավարութիւն՝ իրաւունքի միջոցաւ» յանձնախումբի ներկայացուցիչները։ Ինչպէս ծանօթ է, Վենետիկի յանձնաժողով անուանումով ծանօթ այս կառոյցին ներկայացուցիչները վերջին օրերուն շփումներ ունեցան Հայաստանի մէջ։ Այս շրջագծով անոնք այցելեցին նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուղեկցութեամբ Հայաստանի Սահմանադրական ատեանի նախագահ Գագիկ Յարութիւնեանի։
Ողջունելով Վենետիկի յանձնաժողովի ներկայացուցիչներուն այցելութիւնը՝ Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս Հայոց Եկեղեցւոյ եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ունեցած հոգեւոր եւ ազգապահպան կարեւոր առաքելութեան։ Ան ներկայացուց Հայաստանի անկախութեան պայմաններուն ներքեւ եկեղեցւոյ կողմէ ծաւալուած հոգեւոր կրթադաստիարակչական գործունէութիւնը։
Ի դէմս հիւրերուն Նորին Սրբութիւնը գնահատանք յայտնեց Վենետիկի յանձնաժողովին՝ օրէնքերու մշակման գործին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան ցուցաբերուած աջակցութեան եւ տրուած խորհուրդներուն համար։ Այս կապակցութեամբ Վեհափառ Հայրապետը վստահութեամբ ընդգծեց, որ յանձնաժողովի ներկայացուցիչներուն Հայաստան այցը պիտի նպաստէ լաւագոյնս հասկնալու երկրի ժողովուրդին մտածելակերպը, մշակոյթը եւ քրիստոնէական արժէքներու վրայ խարսխուած արժեհամակարգը։
Իր կարգին, Գագիկ Յարութիւնեան ներկայացուց Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու նախագծի մշակման գործընթացը եւ այցելութեան օրերուն յանձնախումբի ներկայացուցիչներուն հետ կատարուած աշխատանքը։ Ան մասնաւորապէս ընդգծեց, որ արդէն հանրային քննարկման ներկայացուած նախագիծը իրաւական, ժողովրդավարական պետութեան մը կայուն սահմանադրութեան նախադրեալները կը ստեղծէ։
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Հայաստանի մէջ կրօնական ազատութիւններուն, եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններուն։ Զրուցակիցները կարեւորութեամբ ընդգծեցին եկեղեցւոյ դերակատարութիւնը հասարակութեան կեանքէն ներս խաղաղութեան եւ համերաշխութեան պահպանման, ինչպէս նաեւ ժողովրդավարական արժէքներու ամրապնդման ուղղութեամբ։