ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ԳՈՒՐԳՈՒՐԱՆՔ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Ամանորի առթիւ իր հայրապետական գուրգուրանքին առարկայ դարձուցած է մանուկներ եւ տարեցներ։ Երէկ, Վեհափառ Հայրապետը այցելեց Էջմիածնի բարեգործական ճաշարանն ու «Քիւրքճեան» երեխաներու աջակցութեան կեդրոնը։ Վեհափառ Հայրապետը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ մէկտեղուեցաւ տարեցներու եւ մանուկներու հետ, որոնց փոխանցեց իր օրհնութիւնները։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հովանաւորութեան ներքեւ գործող «Քիւրքճեան» երեխաներու աջակցութեան կեդրոնի երդիքին տակ Վեհափառ Հայրապետը Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան առթիւ մանուկներուն փոխանցեց իր օրհնութիւնը եւ շնորհաւորութիւնները։ Մանուկները, որոնք այս կեդրոնին մէջ կը խնամուին, Վեհափառ Հայրապետի հետ արտասանեցին Տէրունական աղօթքը։ Անոնք երգեցին նաեւ Հայրապետական մաղթանքը։ Նորին Սրբութիւնը երեխաներուն բաժնեց նուէրներ, հետաքրքրուեցաւ անոնց առօրեայով, զրուցեց մանուկներուն նախասիրութիւններուն շուրջ։
Կարեւորելով կեդրոնի առաքելութիւնը, Նորին Սրբութիւնը գնահատեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ընկերային ծառայութիւններու գրասենեակի տնօրէն Տ. Մարկոս Քհնյ. Մանկասարեանի եւ այս կեդրոնի աշխատակիցներուն կողմէ ցուցաբերուած հոգատարութիւնը։ Ան յորդորեց առաւել ջանասիրութեամբ շարունակել կրթել ու դաստիարակել երեխաները, անոնց հոգիները լեցնել ուրախութեամբ, ջերմութեամբ ու սիրով, որպէսզի դառնան ազգի արժանաւոր զաւակներ։
Նոյնպէս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հովանաւորութեան ներքեւ գործող բարեգործական ճաշարանի երդիքին տակ ալ Վեհափառ Հայրապետը իր օրհնութիւնն ու շնորհաւորութիւնները բերաւ առանձին տարեցներուն եւ կարիքաւորներու։ Նորին Սրբութիւնը ճաշարանի ամենօրեայ այցելուներուն մաղթեց քաջառողջութիւն, յղեց անվրդով կեանքի բարեմաղթանքներ եւ տօներուն առթիւ յանձնեց նուէրներ։
Վեհափառ Հայրապետը նաեւ ճաշեց տարեցներուն հետ, պատասխանեց անոնց հարցումներուն։ Զրոյցի ընթացքին ճաշարանի ամենօրեայ այցելուները Նորին Սրբութեան իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ ազգային բարերարներու հոգատար վերաբերմունքին համար։
Հարկ է նշել, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հովանաւորութեան ներքեւ Հայաստանի զանազան քաղաքներուն մէջ այսօր կը գործէ հինգ բարեգործական ճաշարան, ուր ամէն օր կանոնաւոր սնունդ կը ստանայ 900 հոգի։