ՀԱՅ ԻՐԱՒԱԿԱՆ ՄԻՏՔԸ ՀԱՅՑ. ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻԷՆ ՍՏԱՑԱԾ Է ԻՐ ԲՈՎԱՆԴԱԿԱՅԻՆ ՀԵՆՔԸ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայաստանի Բարձրագոյն դատական խորհուրդի նախագահ Ռուբէն Վարդազարեանը։ Ողջունելով բարձրաստիճան դատաւորը՝ Վեհափառ Հայրապետը մաղթեց, թէ Աստուած զօրավիգ ըլլայ իրեն եւ Բարձրագոյն դատական խորհուրդի անդամներուն՝ արդարադատութեան հաստատման դժուարին առաքելութիւնը իրականացնելու ճանապարհին։ Վեհափառ Հայրապետը նշեց, որ բոլոր ժամանակներուն մարդկութիւնը ձգտած է արդար ու ճշմարիտ դատաստանի, երկրի վրայ արդարադատութեան հաստատման եւ այդ համատեսքին մէջ Բարձրագոյն դատական խորհուրդը կարեւոր դերակատարութիւն ունի։
Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան՝ Ռուբէն Վարդազարեան ընդգծեց, որ հայ իրաւական միտքը իր բովանդակային հենքը ստացած է Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցիէն։ Ուստի այս առումով ան կարեւորեց գործակցութիւնը։ Միեւնոյն ժամանակ, Վարդազարեան Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց Բարձրագոյն դատական խորհուրդին կողմէ իրականացուող աշխատանքներն ու առաջադրուած նպատակները։
Զրոյցի տեւողութեան անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ ժողովրդավարական պետութիւն կառուցելու ճանապարհին արդար դատաւորներ եւ անաչառ անկախ դատական համակարգ ունենալու կարեւորութեան։