ՆՈՐ ԼՈՒՍԱՐԱՐԱՊԵՏ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ, երէկ, Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան նշանակուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Վանական խորհուրդի ատենապետ եւ Մայր Տաճարի լուսարարապետ։ Նորին Սրբազնութիւնը մինչ այդ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Վարչատնտեսական բաժնի տնօրէնն էր եւ ներկայ նշանակումով արդէն կ՚ազատուի այդ պարտականութիւններէն։ Լուսարարապետի պաշտօնին մէջ Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան կը յաջորդէ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեանին, որ վերջերս Գուգարաց թեմի առաջնորդ նշանակուած էր։
Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց դասու երիտասարդ ու կարկառուն ներկայացուցիչներէն մին է։ Ան Վեհափառ Հայրապետի յաջող ձեռնասուններու շարքին կը դասուի եւ ցայսօր ծաւալած գործունէութեամբ ապացուցանած է, որ միշտ պատրաստ է արդարացնելու իր վրայ դրուած յոյսերը եւ զբաղեցնելու պատասխանատու պաշտօններ։