ԽՈՐ ՎԻՐԱՊԷՆ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ

Հասանք մեր հաւատքի հօր Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի խոր վիրապ մուտքի տօնին։

Տօնակատարութիւն մը, որուն միջոցաւ կը յայտնուի Անակի որդի Սուրէնի հաւատքի արիութիւնը։ Արիութիւն մը, որ եթէ չըլլար, գուցէ զրկուած պիտի ըլլայինք մեր հաւատքի հօր ներկայութենէն եկեղեցւոյ սրբազան պատմութեան էջերուն մէջ։ Կեսարիոյ քրիստոնէական սուրբ մթնոլորտին մէջ սնած Սուրէնի սրտին մէջ անջնջելիօրէն դրոշմուած էր Քրիստոսի Սուրբ Աւետարանը իր լիութեամբ։ Քրիստոնէական դրոշմ մը՝ որ ի լուր աշխարհի կ՚աղաղակէր, թէ Աստուած սէր է։ Դրոշմ մը՝ որմէ կը ցոլար Աստուածային սէրը։ Դրոշմ մը՝ որ կու գար իր լուսաւոր պատգամով, թէ «Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ իսկ Իր Միածին Որդին տուաւ, որպէսզի ով որ հաւատայ Անոր՝ չկոր-սըւի, այլ ընդունի յաւիտենական կեանքը» (Յովհաննէս, 3.16)։ Անգամ մը որ այս լուսաւոր դրոշմով սկսած էր քալել, այլեւս իրեն համար արժէք չէին ներկայացներ Արամազդի, Աստղիկի, Անահիտի չաստուածային գոյութիւնները։ Խաչի պատարագով իր կեանքը զոհած Փրկչի Սուրբ Արեան հաղորդակից կեանք մը, առ ոչինչ կը համարէր արքայական արքունական պատիւները։ Որվհետեւ այդ կեանքին կեդրոնական տեղը կը գրաւէր Քրիստոս իր լիութեամբ։ Լուսաւորուած կեանք մը որ Սուրէնը առաջնորդեց դէպի «նեղ եւ անձուկ ճանապարհը, որ դէպի կեանք կը տանէր» (Մատթէոս, 7.14)։

Այդ անհանդուրժելի ճանապարհը եթէ եղաւ տանելի Աստուծոյ Սուրբին համար, այդ կը պարտէր Աստուածային զօրութեան, որով կը զօրանար մարդու հաւատքը։ ճանապարհը յիրաւի եղաւ տառապանալից։ Հոն կար տառապանքը, չարչարանքը՝ զորս կրել յանձն առաւ ի մտի ունենալով նաեւ Պօղոս առաքեալի արտասանած բառերը. «Ուստի, ամօթ մի՛ սեպեր վկայութիւն տալ մեր Տիրոջ վրայ եւ ոչ ալ ամչցիր ինծի համար, որ կապեալն են անոր. Այլ մասնակից եղիր աւետարանին համար եղած չարչարանքներուն, զօրութեամբն Աստուծոյ, որ փրկեց մեզ եւ կոչեց սուրբ կոչումով» (Բ. Տիոոթէոս, 1.8-9)։

Մեր հաւատքի Հայրը ոչ ամչցաւ Տիրոջ պարգեւած փրկութեան Աւետարանէն, ոչ ալ ամչցաւ՝ զինքը Քրիստոսով ծանօթացնող սրբակենցաղ հաւատցեալները։ Հզօր արքայ մը, որ կը կարծէր, թէ ինք ամէն ինչ էր, ամէն ինչ ընելու կարողութիւն ունէր, ըրաւ այն հետեւելով «այս աշխարհի իշխանին», որ իր կեանքէն ներս բազմած էր։ Ժամանակի հոլովոյթին մէջ յայտնի պիտի դառնար թէ՝ մեր հաւատքի հայրը Աստուծոյ օրհնութեամբ կը զօրանար ու սիրով կը տանէր այն տառապանքները, սանձարձակուած՝ իբրեւ թէ զօրաւորի տնօրինութեամբ։ Մինչ կը զօրանար իր հաւատքը, նոյն չափով կը սկսէր յայտնաբերուիլ իբրեւ թէ զօրաւորին զօրութեան տակաւ առ տակաւ նուազումը, որ նոյնպէս ժամանակի հոլովոյթին մէջ պիտի շիջէր, այն աստիճան որ իր արհամարհած Քրիտսոնէական հաւատքին, այդ հաւատքի հերոսին աղօթքին պիտի կարօտէր մատնուած անասնական վիճակէն վերստին մարդ դառնալու համար։

Խոր վիրապը ոմանց համար պարտութեան խորհրդանշանն էր։ Զրկանքի վայր էր։ Աստուծոյ արեւի լոյսէն զրկուած մահասփիւռ կեանքի վայր էր։ Սակայն այդ մահուան գուբը մեր հաւատքի Հօր համար փոխակերպուեցաւ իսկական օրհնութեան վայրի։ Այդ վայրին մէջ ապրելու եւ հոն իր մահկանացուն կնքելու դատապարտուած մեր հաւատքի հօր համար եղաւ կենդանի քարոզութեան առիթ, քանի այդ գուբին մէջ կ՚արձագանգէր Դաւիթ մարգարէի Սաղմոսի բառերը «Տէրը իմ հովիւս է, ես բանի մը կարօտութիւն պիտի չունենամ։ …Թէեւ մահուան շուքի ձորին մէջ ալ պտըտիմ չարէն պիտի չվախնամ վասնզի դուն ինծի հետ ես» (Սաղմոսք, 23.1,4)։

Այս հաւատքի զօրութիւնն էր որ վերածուեցաւ օրհնութեան մեր ժողովուրդին համար։ Մեր առաջին լուսաւորիչներուն՝ Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթուղիմէոս առաքեալներու քարոզութեամբ հաստատուած եկեղեցին լոյս աշխարհ պիտի գար ու վերջնականօրէն պիտի հաստատուէր։ Հաստատութիւն մը՝ որ դարերու հոլովոյթին մէջ ապրող ու խօսուն ապացոյցը եղաւ, թէ ի զուր չեն եղած այն բոլոր զոհողութիւնները՝ զորս սիրով յանձն առին սրբակենցաղ հոգիներ վասն Քրիստոսի։

Գոհութիւն եւ փառք Ամենակալին Աստուծոյ, որ մեր ժողովուրդին տրուած առաքելական շնորհաբեր այցելութեան պտուղը, զօրացաւ։ Առաքելական քարոզութեամբ ցանուած սերմերը մանանեխի հատիրի նմանողութեամբ ուռճացան ու վերածուեցան բարձրաբերձ կաղնիի, որ հակառակ զանազան փոթորիկներու մնաց անյողդողդ ու կը շարունակէ մնալ մխիթարելով մեր ժողովուրդը ի սփիւռս աշխարհի։

Մեր հաւատքի Հայրը, թող բարեխօս ըլլայ առ Բարձրեալն Աստուած, մեզի՝ բոլորիս համար, որ ներկայիս կը մնանք մեր բնակարաններուն մէջ արգելափակուած։ Արգելափակում մը որ բաղդատութեան եզր չունի խոր վիրապի խաւար վայրին հետ։ Սակայն Խոր Վիրապը օրհնութեան վերածող հաւատքին զօրութեան եւ հաւատքի օրինակին կարիքը ունինք մեր պակասութիւնը լրացնելու համար։ Աստուծոյ Խօսքը եւ աղօթքը թող մեր հանապազօրեայ կեանքի մաս կազմեն, որպէսզի մենք զմեզ զօրաւոր զգանք ու չտկարանանք։ Աղօթենք որ մեր Հաւատքի Հօր եւ բոլոր սուրբերուն բարեխօսութեամբ ազատինք այս ախտաւոր վիճակէն, ու մենք դարձեալ առիթը ունենանք Աստուծոյ Սուրբ Սեղանին առջեւ հաւաքուելու եւ փառքը երգելու Ամենակալ Աստուծոյ։

Տէրը մեր բոլորիս հետ ըլլայ։

ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Շաբաթ, Մարտ 28, 2020