ՋԱՀԻ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի բարձր հան­դի­սա­պե­տու­թեամբ, Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ Հա­մա­հայ­կա­կան 6-րդ խա­ղե­րու ջա­հի օրհ­նու­թեան ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը։ Մայ­րա­վան­քի հա­մա­լի­րէն ներս, բաց խո­րա­նին առ­ջեւ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս խորհր­դան­շա­կան օրհ­նու­թեան կար­գը։ Մայր Տա­ճա­րի զան­գակ­նե­րու ղօ­ղան­ջին ներ­քեւ, Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին կող­մէ գլխա­ւո­րուած թա­փօ­րը Տրդա­տա­կա­մա­րի մօ­տէն ուղ­ղուե­ցաւ դէ­պի բաց խո­րան, ուր Մայր Տա­ճա­րի երգ­չա­խում­բին կող­մէ կա­տա­րուած եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րէն վերջ ար­տա­յայտուե­ցաւ Սուրբ Էջ­միած­նի Քրիս­տո­նէա­կան դաս­տիա­րա­կու­թեան կեդ­րո­նի տնօ­րէն Տ. Վար­դան Եպսկ. Նա­ւա­սար­դեան։ Այս վեր­ջի­նը շեշ­տեց, թէ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին կող­մէ օրհ­նուե­լիք ջա­հե­րը միու­թեան եւ յաղ­թա­նա­կի խորհր­դան­շան­ներ կը հա­մա­րուին։ Այդ ե­րեք խորհր­դան­շա­կան ջա­հե­րը Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին մա­տու­ցե­ցին 1992 թուա­կա­նի 25-րդ ո­ղիմ­պիա­կան­նե­րու ա­խո­յեան­նե­րէն Հրա­չեայ Պե­տի­կեան եւ Իս­րա­յէլ Մի­լի­տո­նեան, ինչ­պէս նաեւ այս տա­րի կազ­մա­կեր­պուած Հա­մաշ­խար­հա­յին հա­մալ­սա­րա­նա­կան խա­ղե­րու ա­խո­յեան Ար­թուր Թով­մա­սեան։

Ներ­կայ էր նաեւ Հա­մա­հայ­կա­կան խա­ղե­րու հա­մաշ­խար­հա­յին կո­մի­տէի նա­խա­գահ Իշ­խան Զա­քա­րեան, որ եւս ար­տա­սա­նեց իր սրտի խօս­քը։ Բաց խո­րա­նի մօտ հրա­ւի­րուե­ցաւ 1988 թու­կան­նե­րու ո­ղիմ­պիա­կան­նե­րու ա­խո­յեան Օգ­սէն Միր­զո­յեան։ Վե­րո­յի­շեալ ե­րեք ջա­հա­կիր­նե­րը այդ փու­լին ի­րա­րու միա­ցու­ցին ի­րենց ջա­հե­րը, իսկ Օգ­սէն Միր­զո­յեան վա­ռեց հա­մա­հայ­կա­կան ջա­հը։ Այդ փու­լէն վերջ սկսաւ ջա­հի օրհ­նու­թեան կար­գը։

Ա­րա­րո­ղու­թեան ա­ւար­տին Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը տուաւ օ­րուան պան­գա­մը եւ ը­սաւ, թէ շատ խորհր­դա­ւոր ե­րե­ւոյթ մըն է՝ Ան­թի­լիա­սէն, Շու­շիէն եւ Աղ­թա­մա­րէն տա­րուած ջա­հե­րուն Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ միա­ւո­րուիլն ու մէկ ջա­հի մէջ բո­ցա­վա­ռուի­լը։ «Ա­մէն հայ, ո՛ւր որ ալ ապ­րի, մկրտու­թեան դրոշ­մին հետ իր հո­գիին մէջ կը կրէ Սուրբ Էջ­միած­նի եւ Ա­րա­րա­տի պատ­կե­րը՝ որ­պէս իր հայ ինք­նու­թեան ան­բա­ժա­նե­լի մաս եւ խորհր­դա­նիշ մեր ժո­ղո­վուր­դի միու­թեան եւ միաս­նա­կա­նու­թեան։ Այ­սօր դուք Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ էք, կը նա­յիք Ա­րա­րա­տին եւ մենք տա­րա­կոյս չու­նինք, որ ձեր հո­գիին մէջ կը ջեր­մա­նայ որ­դիա­կան սէ­րը մեր ե­կե­ղեց­ւոյ նկատ­մամբ», ը­սաւ Ամենայն Հայոց Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը ու վստա­հու­թիւն յայտ­նեց, թէ Հա­մա­հայ­կա­կան խա­ղե­րը պի­տի շա­րու­նա­կեն ամ­րապն­դել հայ ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րուն միաս­նա­կա­նու­թիւ­նը։

Երեքշաբթի, Յուլիս 28, 2015