ԲՈՒԺՄԱՆ ՀԱՄԱՐ ԴԷՊԻ ՀՆԴԿԱՍՏԱՆ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց այն հինգ զինուորականները, որոնք իր օրհնութեամբ յառաջիկայ օրերուն բուժման համար պիտի մեկնին Հնդկաստան։ Այսպէս, Վեհափառ Հայրապետին ներկայացան Միքայէլ Սարգսեան, Գնել Համբարձումեան, Նարեկ Մարուքեան, Կարէն Համբարձումեան եւ Գրիգոր Յովհաննիսեան, որոնք յառաջիկայ օրերուն պիտի մեկնին Հնդկաստան։ Այս զինուորականները զանազան ժամանակաշրջաններու մէջ վիրաւորուած են ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով ու դարձած՝ հաշմանդամ։ Անոնք յառաջիկայ շրջանին Հնդկաստանի մէջ անհրաժեշտ բուժումը պիտի տեսնեն՝ նախաձեռնութեամբ ու աջակցութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Կալկաթայի Ս. Նազարէթ եկեղեցւոյ վարչութեան։

Անցեալ 16 յունիսին Վեհափառ Հայրապետը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Իզմիրլեան» բժշկական կեդրոնին մէջ հանդիպում մը ունեցած էր ծանր վիրաւորում ստացած 15 զինուորականներու հետ, որոնք փրոթեզի անհրաժեշտ զննութեան ենթարկուած էին։ Այդ զննումը կատարուած էր Գերմանիոյ յառաջատար «Օթթոպոք» հիւանդանոցի Հնդկաստանի մասնաճիւղի գլխաւոր մասնագէտին կողմէ, որ Նորին Սրբազնութեան հրաւէրով այցելած էր Հայաստան։

Երէկուան հանդիպման սկիզբին Հայաստանի զինեալ ուժերու հոգեւոր առաջնորդ Տ. Վրթանէս Եպսկ. Աբրահամեան հայցեց Նորին Սրբութեան օրհնութիւնը հայրենեաց պաշտպանութեան համար։ Այնուհետեւ Վեհափառ Հայրապետը քաջարի ծառայութեան համար իր օրհնութիւնը բերաւ զինուորականներուն։ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, որ անոնք ամբողջական նուիրումով իրենց պարտքը մատուցած են հայրենիքին, պաշտպանած են հայ ժողովուրդը եւ անառիկ պահած՝ երկրի սահմանները։ Հայոց Հայրապետը հաստատեց, որ հայրենասիրութեամբ ու նուիրումով հայրենիքին ծառայելու ոգին հայ ժողովուրդին մշտապէս յաղթանակներ պարգեւած է, ապահոված երկրի խաղաղութիւնն ու բնականոն զարգացումը, հնարաւորութիւններ ընձեռած՝ իրականութիւն դարձնելու երազանքները։ Նորին Սրբութիւնը վստահութիւն յայտնեց, թէ երիտասարդները միեւնոյն ոգիով կը շարունակեն անձնուիրաբար ծառայել հայրենիքին եւ իրենց ազգաշէն գործերով կը նպաստեն հայ ժողովուրդի բարօր ու խաղաղ կեանքի կերտման։ Անդրադառնալով արտասահմանի մէջ անոնց բուժման կազմակերպման՝ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, որ սա նուազագոյնն է, որ Հայոց Եկեղեցին կրնայ ընել քաջարի զինուորականներու համար ի դիմաց իրենց անձնազոհ նուիրեալ ծառայութեան։

Իրենց հերթին, զինուորականներն ալ երախտագիտութիւն յայտնեցին Վեհափառ Հայրապետի հոգածու վերաբերմունքին եւ ստանձնած խնամատարութեան համար։

Հանդիպման տեւողութեան Նորին Սրբութիւնը բերաւ նաեւ իր գնահատանքը զինուորներու ծնողներուն՝ նման զաւակներ կրթած ու դաստիարակած ըլլալու համար։ Ան վստահեցուց, որ իւրաքանչիւր հայորդի իր խոնարհումը կը բերէ քաջարի զինուորներուն անոնց հերոսական ոգիին համար։ Նորին Սրբութիւնը մաղթեց, որ ամենակալ Տէրը արիասիրտ հայորդիները իր յարատեւ օրհնութեան ներքեւ պահէ՝ որպէսզի իրենց կեանքը ապրին խաղաղութեան մէջ։

Հանդիպումը եզրափակուեցաւ Տէրունական աղօթքով, որու աւարտին Վեհափառ Հայրապետը «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց ներկաները։

Շաբաթ, Յուլիս 28, 2018