ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐ

Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու հովանաւորութիւնը վայելող ամառնային ծրագիրի աշակերտները, թիւով 65, ընկերակցութեամբ իրենց ուսուցիչներուն, ուղղուեցան Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանք՝ այցելելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ ստանալու անոր օրհնութիւնը:

Նորին Սրբութիւնը ծանօթացաւ ամառնային ծրագիրի դպրոցի աշխատանքներուն, որմէ ետք աշակերտները մտերմիկ զրոյցով մը ծանօթացան Արամ Ա. Կաթողիկոսի առօրեային եւ նախասիրութիւններուն:

Դպրոցի աշակերտութիւնը, բաժնուած «Կոմիտաս», «Լ. Շանթ» եւ «Թումանեան» խմբակներու, Նորին Սրբութեան ներկայացուցին իրենց սորված երգերը, շարականները եւ ասմունքները: Իսկ Նայիրի Արնէլեան տուտուկով ներկայացուց «Կիլիկիա» երգը: Նորին Սրբութիւնը բարձր գնահատեց աշակերտներուն աշխատանքը եւ անոնց յիշատակի խաչեր նուիրեց:

Աւարտին, աշակերտները շրջագայեցան Ս. Աստուածածին վանքէն ներս եւ այցելեցին վանքի համանուն մատուռը եւ նահատակաց յուշարձանը: 

Չորեքշաբթի, Յուլիս 28, 2021