ՄԻՋԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ

Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր առաջնորդները վերջերս համախմբուեցան Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Աթոռանիստ Մայր տաճարին մէջ։ Այսպէս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հովանաւորութեամբ տեղի ունեցաւ Եկեղեցիներու միութեան շաբթուան եզրափակիչ հանդիսաւոր արարողութիւնը, որու երգեցողութիւնները կատարուեցան «Շնորհալի» երգչախումբին կողմէ։ Ուղիղ եթերով սփռուած արարողութիւնը կատարուեցաւ հայերէնով, արաբերէնով եւ անգլերէնով։

Արարողութեան աւարտին Արամ Ա. Կաթողիկոս տուաւ իր պատգամը, որու ընթացքին ընդգծեց, որ միութիւնը միաձեւութիւն չէ, այլեւ զանազանութեանց միջեւ ներդաշնակում է։

Եկեղեցական արարողութենէն վերջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը։

Երեքշաբթի, Յունուար 29, 2019