ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը շա­բա­թա­վեր­ջին Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Նա­խա­գահ Բա­կօ Սա­հա­կեա­նը։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, զրոյ­ցի ըն­թաց­քին Ար­ցա­խի ղե­կա­վա­րը կա­րե­ւո­րեց Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ դե­րը՝ հա­յոց ան­կախ պե­տա­կա­նու­թեան, Հա­յաս­տան-Ար­ցախ-Սփիւռք ե­ռա­մի­ա­սնու­թեան ամ­րապնդ­ման եւ հայ ազ­գա­յին ինք­նու­թեան պահ­պան­ման տե­սան­կիւ­նէն։

Հան­դիպ­ման ներ­կայ գտնուե­ցան Ար­ցա­խի Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Տ. Պար­գեւ Արք. Մար­տի­րո­սեան եւ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի բարձ­րաս­տի­ճան միա­բան­ներ։

Երկուշաբթի, Փետրուար 29, 2016