ԱՆԳԼԻՈՅ ԹԵՄԻՆ՝ ՆՈՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի տնօ­րի­նու­թեամբ Տ. Յո­վա­կիմ Եպսկ. Մա­նու­կեան նշա­նա­կուե­ցաւ Մեծն Բրի­տա­նիոյ թե­մա­կալ ա­ռաջ­նորդ, ա­զա­տուե­լով Ար­թի­կի թե­մա­կալ ա­ռաջ­նոր­դի եւ Մայր Ա­թո­ռ Սուրբ Էջմիածնի Մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բաժ­նի տնօ­րէ­նի պաշ­տօն­նե­րէն։

Սրբա­զան Հայ­րը ծնած է 1976-ին, Ար­մա­ւի­րի Ոս­կե­հատ գիւ­ղին մէջ։ Կրթու­թիւ­նը ստա­ցած է տեղ­ւոյն միջ­նա­կարգ դպրո­ցէն, Սե­ւա­նի Վազ­գէ­նեան դպրա­նո­ցէն եւ Գէոր­գեան հո­գե­ւոր ճե­մա­րա­նէն ներս։ Ան ու­սա­նած է նաեւ Ե­կե­ղե­ցի­նե­րու հա­մաշ­խար­հա­յին խոր­հուր­դի Պոս­սէի Մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան դպրո­ցին եւ Դա­նիոյ Առ­հուս քա­ղա­քի Տիա­կո­նալ դպրո­ցին մէջ՝ ու­սում­նա­սի­րե­լով ըն­կե­րա­յին աս­տուա­ծա­բա­նու­թիւն։

Տ. Մես­րոպ Արք. Գրի­գո­րեա­նի ձե­ռամբ 2000 թուականին ձեռ­նադ­րուած է սար­կա­ւագ։ 2001 թուականին պաշտ­պա­նած է «Դրուագ­ներ Ղպտի Ուղ­ղա­փառ Ե­կե­ղեց­ւոյ պատ­մու­թե­նէն» նիւ­թով։ 2001 թուականին Տ. Ոս­կան Արք. Գալ­փա­քեա­նի ձե­ռամբ ձեռ­նադ­րուած է կու­սակ­րօն քա­հա­նայ։

2002-2004 թուա­կան­նե­րուն ու­սա­նած է Մոս­կուա­յի Հո­գե­ւոր ա­կա­դե­միոյ մէջ՝ ստա­նա­լով Աս­տուա­ծա­բա­նա­կան գի­տու­թիւն­նե­րու թեկ­նա­ծուի աս­տի­ճան։ 2006 թուականին պաշտ­պա­նած է «Է­քիւ­մե­նիզ­մը 20-րդ դա­րուն եւ Հայ Ե­կե­ղե­ցին» խո­րագ­րեալ վար­դա­պե­տա­կան իր թե­զը եւ մաս­նա­ւոր վար­դա­պե­տու­թեան չորս աս­տի­ճան­նե­րը ստա­ցած է Տ. Եզ­նիկ Արք. Պետ­րո­սեա­նի ձե­ռամբ, Օ­շա­կա­նի Ս. Մես­րոպ Մաշ­տոց ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ։ 2010-ին Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տի կող­մէ ձեռ­նադ­րուած է ե­պիս­կո­պոս։

Մինչ այդ, Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի Մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բաժ­նի տնօ­րէն նշա­նա­կուե­ցաւ Տ. Շա­հէ Վրդ. Ա­նա­նեան։

Երկուշաբթի, Յունիս 29, 2015