ՄԻՋԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԸՆԹՐԻՔ
Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութեանց հոգեւոր առաջնորդները երէկ երեկոյեան համախմբուեցան ընթրիքի սեղանի մը շուրջ։ Ըստ աւանդութեան, ամէն տարի Ուղղափառաց Տիեզերական Պատրիարքութեան հիմնադիր սուրբին՝ Ս. Անդրէաս առաքեալի յիշատաութեան տօնը կը նշուի՝ որպէս հիմնադրութեան տարեդարձ։ Այս առթիւ Վատիկանէն քաղաքս ժամանած է պատուիրակութիւն մը՝ գլխաւորութեամբ Քրիստոնէից միութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահ կարտինալ Քուրթ Քոխի։ Այս առթիւ, Անգարայի Պապական նուիրակ Մոնս. Մարէկ Սոլժինսքի Արքեպիսկոպոսը երէկ երեկոյեան «Վիշ Մոր» պանդոկին մէջ ընթրիք մը սարքեց ի պատիւ Սուրբ Աթոռի պատուիրակութեան, որու կազմին մէջ էին յիշեալ խորհուրդի դիւանապետ Մոնս. Ֆլաւիօ Փասէ Արքեպիսկոպոսը եւ փոխ-դիւանապետ Մոնս. Անտրէա Փալմիէրի։
Այս ընթրիքին հրաւիրուած էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որուն ընկերացաւ Պատրիարքարանի միջեկեղեցական յարաբերութիւններու գրասենեակի տեսուչ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։
Սեղանակիցներու շարքին էին Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքը, Կաթողիկէ Հայոց արքեպիսկոպոսարանի պատրիարքական կառավարիչ Հ. Վարդան Ծայրագոյն Վարդապետ Գազանճեան, Լատին կաթոլիկներու Իսթանպուլի վիճակաւոր Մասսիմիլիանօ Փալինուրօ Արքեպիսկոպոսը, Լատին եկեղեցւոյ Իզմիրի առաջնորդ Մոնս. Մարթին Քմենեթ Արքեպիսկոպոսը, Ասորի Ուղղափառ պատրիարքական փոխանորդ Մետրապոլիտ Եուսուֆ Չեթին, Ասորի Կաթոլիկ պատրիարքական փոխանորդ Մոնս. Օրհան Չանլը Քորեպիսկոպոսը, Քաղդէացի Կաթոլիկ համայնքի պատրիարքական փոխանորդ Սապրի Անար Եպիսկոպոսը, Ուղղափառ եկեղեցւոյ Քաղկեդոնի Էմմանիւէլ Մետրապոլիտը եւ Հրէից րաբունապետարանի ներկայացուցիչը։
Ընթրիքի սեղանին շուրջ եղբայրական ջերմ մթնոլորտ ստեղծուեցաւ եւ հոգեւոր հայրերը զրուցեցին անմիջական մթնոլորտի մէջ։ Կարտինալ Քուրթ Քոխ բաժակաճառով մը հանդէս եկաւ եւ բոլորին փոխանցեց Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապին ողջոյնները։
Իր կարգին, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ալ հիւրերը ողջունեց՝ փոխանցելով բարեմաղթութիւնները։ Երեկոյթի ընթացքին բոլորը շնորհաւորեցին Մոնս. Օրհան Չանլըն, որ այս շրջանին կը նշէ իր պաշտօնավարութեան 10-ամեայ յոբելեանը։
Եկեղեցական
- 11/29/2024
- 11/29/2024
- 11/29/2024