ԳՈՀԱԲԱՆԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ պատրաստութիւնները գրեթէ աւարտած են Ամանորի գիշերուան աւանդական արարողութիւններուն համար։ Այսպէս, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Ամանորի կէս գիշերին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի պիտի ունենայ գոհաբանական աղօթք։ Մայրավանքէն ներս նախատեսուած է նաեւ նռնօրհնէք։
Նռօրհնէքի համար նախատեսուած նուռը այս տարի Մայր Տաճարին ընծայուած է Արցախի իշխանութիւններուն կողմէ։ Հայկական աւանդութեան մէջ նուռը՝ իբրեւ ազգային խորհրդանիշ, կը կրէ կեանքի, ծաղկունքի եւ առատութեան իմաստը։
Քրիստոնէութեան խորհրդաբանութեան մէջ նուռը խորհրդապատկերն է Յիսուս Քրիստոսի հեղած արեան՝ խորհրդանշելով նաեւ Տիրոջ հրաշափառ յարութիւնն ու Աստուծոյ շնորհներու բազմազանութիւնը։ Հայոց Եկեղեցւոյ վարդապետներու եւ հայրերու մեկնութիւններուն մէջ նուռը կը ներկայացուի նաեւ այն խորհրդաբանութեամբ, որ նրան հատիկներու մէջ եկեղեցւոյ անդամները շատ ու բազմատեսակ են, սակայն պատուած են նրան նման պինդ կեղեւով մը՝ միաւորուած ըլլալով մէկ եկեղեցւոյ մէջ։ Այս պատճառով նրան խորհրդաբանութիւնը լայնօրէն օգտագործուած է հայկական եկեղեցական ճարտարապետութեան, արուեստի եւ մանրանկարչութեան մէջ։
Եկեղեցական
- 12/02/2024
- 12/02/2024