ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը այս առաւօտ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ՝ դատապարտելով Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան եւ հայ համայնքին դէմ կատարուած բռնութիւնները։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգին կողմէ հրապարակուած համապատասխան պաշտօնական հաղորդագրութիւնը։

*

Խոր մտահոգութեամբ տեղեկացանք Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանին պատկանող «Կովերու պարտէզ» կալուածին շուրջ շարունակուող սադրիչ գործողութիւններու։ Դեկտեմբերի 28-ին երեք տասնեակէ աւելի զինեալ անձեր ներխուժած են «Կովերու պարտէզ»ի տարածք, իրականացուցած են բռնի գործողութիւններ, որոնց հետեւանքով մարմնական տարբեր աստիճանով վիրաւորուած են Պատրիարքութեան եկեղեցականներ եւ տեղւոյն հայ համայնքի անդամներ։

Ակնյայտ է, որ սադրիչները հերթական անգամ կը փորձեն ահաբեկութեան, սպառնալիքներու եւ բռնի գործողութիւններու միջոցաւ հասնիլ «Կովերու պարտէզ» կալուածի իւրացման, ոտնահարելով օրէնքով սահմանուած ընթացակարգերը։

Խստօրէն դատապարտելով կատարուածը՝ կը յուսանք, թէ Իսրայէլի իշխանութիւնները իրաւաչափօրէն կ՚արձագանգեն Պատրիարքութեան եւ հայ համայնքին դէմ դրսեւորուած յանցաւոր գործողութիւններուն, պատասխանատուութեան կ՚ենթարկուին մեղաւորները եւ կը բացառուի նման դէպքերու կրկնութիւնը։

Մեր զօրակցութիւնը կը յայտնենք Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց զինուորեալ միաբանութեան եւ հայ համայնքին՝ հայցելով Տիրոջ օգնականութիւնը։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 29, 2023