ՇԻՆԻՉ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆ
Արեւելեան Ուղղափառ եւ Կաթոլիկ եկեղեցիներու երկխօսութեան ուղղեալ Աստուածաբանական միջազգային համատեղ յանձնախումբի վերջին նստաշրջանի արձագանգները կը շարունակուին։ Այս համատեղ յանձնախումբի հերթական՝ 17-րդ հանդիպումը անցեալ շաբթուան ողջ տեւողութեան տեղի ունեցաւ Լիբանանի մէջ։ «Եկեղեցւոյ սուրբ խորհուրդներու աստուածաբանութեան հիմքերը» նիւթով կազմակերպուած նստաշրջանի աշխատանքները տեղի ունեցան Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ Պատրիարքարանէն ներս, Աչանէ։
Միշաբաթեայ աշխատանքներու շրջանէն ներս յանձնախումբի անդամները հիւրընկալուեցան Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ Տ.Տ. Իգնատիոս Եփրեմ Բ. Պատրիարքին եւ Ասորի Կաթոլիկ եկեղեցւոյ Ն.Ա.Տ. Իգնատիոս Եուսէֆ Գ. Եունան Պատրիարքին կողմէ։
Այս յանձնախումբի յաջորդ՝ 18-րդ նստաշրջանը տեղի պիտի ունենայ Վատիկանի մէջ՝ յաջորդ տարեսկիզբին, 24-30 յունուար 2021 թուականին։ Պիտի քննարկուին երկու եկեղեցական ընտանիքներէ ներս Ս. Մարիամ Աստուածածնի տեղին ու դերին վերաբերեալ աստուածաբանական զանազան խնդիրներ։
Ինչպէս հաղորդած էինք, Լիբանանի մէջ կազմակերպուած նստաշրջանին մասնակցեցան Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչները՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ներկայացուցիչներն էին՝ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մօտ Հայ Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան եւ Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու գրասենեակի պատասխանատու Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեան։