Չորեքշաբթի 27, Նոյեմբեր 2024
ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախընթաց օր հովուապետական այցելութիւն մը տուաւ Մեքսիքա։ Տեղւոյն նորահաստատ հայկական համայնքին տեսակէտէ անգնահատելի զօրակցութեան մը նշանակութիւն ունեցաւ հովուապետական այս անդրանիկ այցելութիւնը։ Վեհափառ Հայրապետը մեքսիքահայութեան կողմէ դիմաւորուեցաւ աննախընթաց ջերմութեամբ։ Իր կեցութեան ընթացքին ան այցելեց նաեւ Հայաստանի դեսպանատուն եւ տեսակցեցաւ մայրաքաղաք Մեխիքոյի քաղաքապետ Միկել Անխել Մանսերայի հետ։
Բաց աստի, Մեխիքոյի Կաթոլիկ մայր տաճարին մէջ Նորին Սրբութիւնը մասնակցեցաւ միջեկեղեցական աղօթքի մը, որուն ներկայ գտնուեցան տեղւոյն կարտինալը, պապական նուիրակը, քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ, պետական իշխանութիւններէ դէմքեր եւ բազմաթիւ հաւատացեալներ։
Ուրբաթ, Նոյեմբեր 3, 2017
Եկեղեցական
- 11/27/2024