ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հանդիսապետութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ շաբաթավերջին կատարուեցաւ Հանրապետական մաղթանք։ Համայն մարդկութեան հետ, Հայաստանն ու ամբողջ հայաշխարհը ներկայիս կը դիմագրաւեն քորոնաժահրի համաճարակը։ Այս բարդ իրավիճակին մէջ շաբաթավերջին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ընդհանրական կեդրոնէն՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն աղօթք բարձրացաւ առ Աստուած Հայաստանի եւ ամբողջ հայ ժողովուրդի համար։ Շատ խորհրդաւոր արարողութիւն մըն էր այս մէկը, որու ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը տուաւ իր պատգամը։

Հայոց հաւատքի հօր՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի սոսկալի չարչարանքներու եւ Խոր Վիրապ մուտքի յիշատակութեան օրուան զուգադիպած Հանրապետական մաղթանքը տեղի ունեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի՝ Ս. Տրդատի բաց խորանին առջեւ։ Այս առթիւ դուրս բերուած էր Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մեծագոյն սրբութիւններէն մին՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Աջը, որ կը պահուի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։ Այդ սրբազան մասունքներով Վեհափառ Հայրապետը արարողութեան ընթացքին օրհնեց հայոց աշխարհն ու հայ ժողովուրդը։ Նորին Սրբութիւնը հայցեց բազմաչարչար հայրապետի բարեխօսութեամբ երկրաւոր Տիրոջ զօրակցութիւնն ու օրհնութիւնը՝ աշխարհին ու հայ ժողովուրդին պատուհասած համավարակի դիմագրաւման համար։ Վեհափառ Հայրապետը խորանին առջեւ ծնրադիր աղօթեց եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Աջով տուաւ իր օրհնութիւնները։ Նորին Սրբութիւնը համայն հայութեան ուղղեալ պատգամը տալէ վերջ, Հանրապետական մաղթանքի աւարտին վերստին Լուսաւորչի Ս. Աջով եւ «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդը։ Հանրապետական մաղթանքի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետի կողքին էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Եկեղեցական հայեցակարգային հարցերու գրասենեակի տնօրէն Տ. Վազգէն Եպսկ. Միրզախանեան, վարչատնտեսական բաժնի տնօրէն Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան, լուսարարապետ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեան եւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի տեսուչ Տ. Մեսրոպ Ծ. Վրդ. Պարսամեան։

Երկուշաբթի, Մարտ 30, 2020