ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՖՐԱՆՍԱՀԱՅ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց խումբ մը ֆրանսահայ աշակերտներ։ Այսպէս, Փարիզի Դպրոցասէր վարժարանէն եւ Մարսէյլի Համազգայինի վարժարանէն շուրջ հինգ տասնեակ աշակերտներ ստացան Նորին Սրբութեան օրհնութիւնը։ Աշակերտներուն ընկերացան յիշեալ վարժարաններու տնօրէններն ու ֆրանսահայ բարերար Սարգիս Պետոյեան։

Հանդիպման ընթացքին շնորհալի ասմունքով եւ Հայաստանի Պետական քայլերգի կատարումով տղաքը հաճելի անակնկալ մը մատուցեցին Վեհափառ Հայրապետին։ Ներկաներուն նկատմամբ գնահատանք արտայայտելու առընթեր, Նորին Սրբութիւնը փոխանցեց նաեւ իր գնահատանքը աշակերտներու ծնողներուն՝ այն նախանձախնդրութեան եւ հետեւողականութեան համար, զոր անոնք կը ցուցաբերեն իրենց զաւակներու հայեցի դաստիարակութեան ուղղութիւնը։  

Երկուշաբթի, Ապրիլ 30, 2018