ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՀՈԳԵՒՈՐ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԸՆԴԼԱՅՆՈՒԱԾ ԿԱԶՄՈՎ ՔԱՌՕՐԵԱՅ ՆՍՏԱՇՐՋԱՆԸ՝ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ, երէկ սկսաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով նստաշրջանը։ Քառօրեայ ժողովները բացուեցան Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեան խօսքով։ Ողջունելով Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ աշխարհասփիւռ զանազան թեմերէն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին ժամանած ԳՀԽ-ի հոգեւորական եւ աշխարհական անդամները՝ Նորին Սրբութիւնը նուիրեալ ծառայութեան համար իր գնահատանքը փոխանցեց անոնց։ Միեւնոյն ժամանակ Վեհափառ Հայրապետը ներկաները շնորհաւորեց՝ Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակին առթիւ։ Ան ուրախութիւն յայտնեց, որ ԳՀԽ-ի անդամները հնարաւորութիւն ունեցան մասնակցիլ այս յոբելեանին առթիւ կազմակերպուած տօնական ձեռնարկներուն։ Հուսկ, Վեհափառ Հայրապետը արդիւնաւոր աշխատանք մաղթեց ժողովին ու մատնանշեց, որ օրակարգի վրայ ընդգրկուած են ազգային-եկեղեցական կեանքի վերաբերեալ կարեւոր հարցեր։

ԳՀԽ-ի նստաշրջանի ընթացքին մասնաւորապէս կը քննարկուին այս խորհուրդի կանոնադրութեան, Եկեղեցական-ներկայացուցչական ժողովի յանձնախումբի կանոնակարգերուն, զանազան թեմերու կանոնադրութիւններուն, ինչպէս նաեւ ներկայ 2018 թուականի Երիտասարդութեան տարուան շրջանակներէն ներս նախատեսուած ձեռնարկներու վերաբերեալ նիւթեր եւ այլ հարցեր։ Քննարկման առարկայ կը դառնայ նաեւ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի ամրակայման եւ հիմնանորոգման ընթացքը։

ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ

Միւս կողմէ, Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հրատարակչական բաժինը լոյս ընծայեց Ոսկանեան Աստուածաշունչի հրատարակութեան 350-ամեակին նուիրուած՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ 2016-ի Հոկտեմբերին կազմակերպուած «Հայերէն Սուրբ Գիրքի թարգմանութիւնն ու հրատարակութիւնը պատմութեան հոլովոյթին մէջ» խորագրեալ միջազգային գիտաժողովի նիւթերը։ Խմբագիրն է պատմաբան Գէորգ Տէր-Վարդանեան։

Զեկոյցներու յօդուածային շարադրանքները կը վերաբերին Ոսկան Երեւանցիին եւ Աստուածաշունչի իր տպագրին, հայերէն Սուրբ Գիրքի ընդհանրական խնդիրներուն, առանձին գիրքերու կամ աստուածաշնչեան տարբեր հարցերու։ Ժողովածոն գիտական էական նորութիւններ ունի եւ աստուածաշնչագիտութեան զանազան խնդիրներու առումով հայկական իրականութեան մէջ կարեւոր քայլ մը կը համարուի։

Չորեքշաբթի, Մայիս 30, 2018