ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ ՏԵԱՌՆ ՄԵՐՈՅ ՅԻՍՈՒՍԻ ՔՐԻՍՏՈՍԻ

Այսօր, Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին կը նշէ մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ համբարձման տօնը:

Ղուկաս Աւետարանիչը իր անունը կրող Աւետարանին մէջ, այսպէս կը նկարագրէ Տիրոջ երկինք համբառնալը.

«Ապա տարաւ զանոնք մինչեւ Բեթանիա եւ ձեռքերը վեր բարձրացնելով՝ օրհնեց զանոնք։ Եւ մինչ կ՚օրհնէր, բաժնուեցաւ անոնցմէ, դէպի երկինք բարձրանալով։ Անոնք երկրպագեցին Յիսուսի եւ մեծ ուրախութեամբ վերադարձան Երուսաղէմ։ Ամէն օր տաճարին մէջ էին՝ գովելով ու օրհնաբանելով զԱստուած» (Ղկ 24.50-53):

Նոյն հեղինակը, այս անգամ Գործք Առաքելոցին մէջ հետեւեալ կերպով կը նկարագրէ մեզի Տէր Յիսուսի երկինք համբառնալը.

«Ուրիշ անգամ մը, երբ դարձեալ հաւաքուած էին, առաքեալները հարցուցին անոր.

-Տէ՛ր, արդեօք հիմա՞ է ժամանակը երբ պիտի վերականգնես Իսրայէլի թագաւորութիւնը։

Յիսուս պատասխանեց.

-Դուք չէք կրնար գիտնալ ժամերն ու ժամանակները, որ Հայրը Իր իշխանութեամբ որոշած է։ Բայց երբ Սուրբ Հոգին իջնէ ձեր վրայ, զօրութեամբ պիտի լեցուիք եւ Իմ վկաներս պիտի ըլլաք՝ Երուսաղէմի, ամբողջ Հրէաստանի եւ Սամարիայի մէջ, եւ մինչեւ աշխարհի ծայրամասերը։

Այս խօսքերէն ետք, մինչ Անոր կը նայէին, Յիսուս երկինք համբարձաւ, եւ ամպ մը ծածկեց զԻնք անոնց տեսողութենէն։ Եւ երբ տակաւին առաքեալները իրենց աչքերը երկինք յառած՝ Յիսուսի մեկնիլը կը դիտէին, ահա երկու սպիտակազգեստ մարդիկ երեւցան անոնց, եւ ըսին.

-Ո՛վ Գալիլեացիներ, ինչո՞ւ կեցեր երկինքը կը դիտէք։ Այս Յիսուսը, որ երկինք համբարձաւ, օր մը դարձեալ պիտի գայ այնպէս՝ ինչպէս Անոր երկինք երթալը տեսաք» (Գրծ 1.6-11):

Այս հատուածին մէջէն հիմնական երկու յատկանշական իրողութիւններ կրնանք վերցնել:

Առաջին, Տէրը առաքեալներուն կը թելադրէ, որպէսզի սպասեն մինչեւ որ Սուրբ Հոգին ընդունին, որմէ ետք արդէն Սուրբ Հոգիով զօրացած ու լեցուած, Տէր Յիսուսի վկաները պիտի դառնան ո՛չ միայն Երուսաղէմի մէջ, այլեւ ամբողջ աշխարհին մէջ: Եւ քրիստոնէութեան առաջին մէկ-երկու դարերու պատմութենէն գիտենք, թէ ինչպէս առաքեալները յանուն Քրիստոսի տարբեր-տարբեր չարչարանքներ կրելով նահատակուեցան, իրենց կեանքը զոհեցին ի սէր Ճշմարիտ Կեանքին:

Երկրորդ, «երկու սպիտակազգեստ մարդոց» տուած աւետիսը, որ ո՛չ միայն առաքեալներուն ուղղուած էր, այլ՝ անոնց ընդմէջէն բոլոր դարերուն ապրող մարդոց, որով անոնք կու տային այն աւետիսը, որ նոյն Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոսը, որուն երկինք համբառնալը տեսաք ձեր աչքերով, նոյն ձեւով պիտի տեսնէք անոր վերստին գալուստը, այլ խօսքով՝ ականատեսը պիտի ըլլաք Անոր երկրորդ գալուստին:

Այստեղ, կ՚արժէ ուշադրութիւն դարձնել կարեւոր հանգամանքի մը: Քրիստոսի առաջին գալուստը ինչպէս գիտենք նպատակ ունէր մարդոց փրկութիւն պարգեւել, այսինքն՝ Ամենաբարին Աստուած, պատմութեան թաւալքին մէջ, որոշակի ժամանակահատուածի մը աշխարհ եկաւ, այլ խօսքով՝ մարդկային մարմին զգեցաւ, որպէսզի մարդուն փրկութիւն շնորհէ: Երկրորդ գալուստը սակայն տարբեր ըլլայ, այս երկրորդ գալուստով ո՛չ թէ կրկին անգամ փրկութեան աւետիսը պիտի բերէ մարդոց, այլ՝ առաջին գալուստով բերած Իր փրկութեան աւետեսին պտուղները պիտի գայ հաւաքելու: Եւ ինչպէս պարտիզպանները ամբողջ տարին կ՚աշխատին ու կը մշակեն իրենց հողերը, որպէսզի բերք (պտուղ) ստանան, եւ երբ բերքահաւաքը հասնի լաւ ու հասուն պտուղները կը հաւաքեն, իսկ անհաս ու վատ պտուղները մէկդի կը նետեն, այդպէս ալ Քրիստոս Իր երկրորդ գալուստով բերքահաւաք պիտի կատարէ, եւ անոնք որոնք լաւ պտուղ տուած են, զանոնք պիտի արժանացնէ յաւիտենական հանգիստի, իսկ անոնք որոնք լաւ պտուղ չեն տուած, զանոնք պիտի պատժէ յաւիտենական տանջանքներով:

Այժմ ընթերցողներուն գրաբարէ թարգմանաբար հատուածներ պիտի ներկայացնեմ Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացիի համբարձման մասին քարոզէն: Այսպէս.

«Աստուծոյ Բանին Տէրունական բոլոր տօները, որ երկիրի վրայ կարգեց, հրաշալիք են եւ միաժամանակ փառաւոր: Իսկ այսօր, Համբարձման տօնը, բոլորին կատարումը կը ցուցնէ: Նախ, որ ծնունդէն սկսաւ, եւ կարգով եկաւ մինչեւ խաչելութիւնը, մահը եւ գերեզմանէն յարութիւն առնելը: Իսկ քառասուն օր ետք, այսօր՝ երկինք համբարձաւ եւ Հօր աջ կողմը նստաւ»:

«Փեսան ուր որ է, այնտեղ հրաւիրուած է նաեւ հարսը, որ է Սուրբ Եկեղեցին եւ Քրիստոսին հաւատացողները, որոնք չորս կերպով Քրիստոսի հարսնացան: Նախ, հաւատքով՝ Հօր, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին:

Երկրորդ, Աւազանէն ծնելով՝ ջուրով եւ Հոգիով: Երրորդ, Խաչին դրոշմը մեր ճակատներուն վրայ նկարեցինք: Չորրորդ, որ Սուրբ Մարմինին ու Արիւնին հպեցանք, եւ ասոնցմով Տիրոջ Արքայութիւն հրաւիրուեցանք»:

«Քրիստոս Իր յարութենէն ետք ո՞ւր մնաց երկրի վրայ:

Վարդապետները կ՚ըսեն, թէ այս քառասուն օրերը օդին վրայ մնաց Քրիստոս: Ասիկա, երեք պատճառով:

Նախ, որովհետեւ երկիրը Ադամի մեղքերուն պատճառով անէծքով դատապարտուած էր, ինչպէս կ՚ըսէ. “Երկիրը քու պատճառով անիծեալ ըլլայ” (Ծն 3.17):

Իսկ Քրիստոսի գալուստով, բոլոր արարածները օրհնուեցան, որովհետեւ մեր բնութիւնը առնելով երկիրի վրայ շրջեցաւ, եւ ջուրին մէջ մկրտուելով, ու գերեզմանին մէջ թաղուելով, ջուրն ու հողը սրբեց. նոյնպէս, մեռելներէն յարութիւն առնելով, քառասուն օր օդին մէջ մնալով, օդն ու հուրը սրբեց, որոնք իրարու խառնուած են: Եւ դարձեալ [չորս] տարրերը կուռքերուն մատուցուած զոհերէն պղծուած էին, այսինքն՝ հուրն ու օդը զոհերու ճենճերէն, եւ օդին վրայ մնալով, զանոնք եւս սրբեց:

Երրորդ պատճառը, որովհետեւ ոմանք երկիրը կը պաշտէին, ոմանք ջուրը, ոմանք օդը եւ ոմանք ալ հուրը, եւ տգիտութեամբ ատոնց աստուած կ՚ըսէին: Ի՛նք, ճշմարիտ Աստուածը եկաւ եւ երեւցաւ մարդոց, ու տնօրէնութեամբ Ինքն Իր վրայ դարձուց երկրպագութիւնը, ըսելով, Ե՛ս եմ ճշմարիտ Աստուածը, որուն պէտք է երկրպագութիւն ընել, իսկ ատոնք բոլորը արարածներ են. այդ պատճառով քառասուն օր կ՚երեւար անոնց եւ Աստուծոյ Արքայութեան մասին կը խօսէր:

Իսկ ոմանք կ՚ըսեն, թէ այս քառասուն օրերը Քրիստոս Իր յարութենէն ետք Ադամի երկրաւոր դրախտին մէջ մնաց՝ Իր հետ յարութիւն առնողներուն հետ. մխիթարեց Ենովքն ու Եղիան՝ մինչեւ երկինք համբառնալը, եւ բոլոր հոգիները Իր հետ սրբուեցան»:

«Որովհետեւ վարդապետները կ՚ըսեն, թէ յարութենէն ետք տասը անգամ երեւցաւ անոնց [առաքելաներուն]. հինգ անգամ նոյն օրը, երբ մեռելներէն յարութիւն առաւ, եւ հինգ անգամ ալ Կիրակմուտքներուն անոնց կ՚երեւար ու կը մխիթարէր զանոնք. անոնց համբերութիւն կը սորվեցնէր, որպէսզի երբ իրենցմէ բաժնուի՝ չտրտմին: Աստուծոյ Արքայութեան մասին ալ կ՚ըսէր, թէ “երթամ եւ ձեզի համար տեղ պատրաստեմ Աստուծոյ Արքայութեան մէջ” (տե՛ս Յհ 14.2): Այս միտքը Կիրակմուտքի գալստեան շարականներուն մէջ կ՚ըսենք, ինչպէս նաեւ Սուրբ Աստուած, որ եկիր եւ գալոց ես»:

«Ինչո՞ւ համար քառասուն օր ետք համբարձաւ:

Վարդապետները երեք պատճառով կ՚ըսեն.

Նախ, որովհետեւ իմաստունները քառասունը կատարեալ թիւ կը կոչեն, որ չորս տասնեակներէ կը բաղկանայ. իսկ տասը կատարեալ թիւ է: Տակաւին, չորս է աշխարհի գոյութեան սկիզբը, ըստ տարրերու թիւին:

Այս կը նշանակէ, թէ Քրիստոս Իր աշխարհ գալուստով վերստին նորոգեց եւ սկիզբի կատարելութեան հասցուց ու ապա երկինք համբարձաւ:

Երկրորդ, որովհետեւ արու տղայ գոյութիւնը քառասուն օր է, կը նշանակէ, թէ այս քառասուն օրերու ընթացքին կը զօրացնէր աշակերտները, եւ անոնցմով բոլորը զօրացնելու առաքինի գործերու եւ թշնամիներուն դէմ պատերազմելու: Երրորդ, ուրիշներ կ՚ըսեն, թէ Ադամ հողէն ստեղծուեցաւ, քառասուն օր ետք դրախտին մէջ դրուեցաւ. իսկ միւս կէսը կ՚ըսեն, թէ քառասուն օր ետք է պայմանը գիտութեան ծառէն ուտելու, եւ Երկինքի Արքայութիւն փոխադրուելու»:

Իսկ Ստեփանոս Աւագ Քահանայ Մանդինեանցը իր «Աստուածպաշտութիւն Հայաստանեայց Ուղղափառ Եկեղեցւոյ» գիրքին մէջ հարցում-պատասխանի ձեւով այսպէս կը գրէ համբարձումի մասին:

«Հարցում. Եկեղեցին Համբարձումի տօնակատարութեամբ ի՞նչ կը նկարագրէ։

Պատասխան. Յիսուս Քրիստոսի մարդկային փառաւորեալ մարմինով հրաշափառ երկինք համբառնալը եւ Հօր աջ կողմը նստիլը աստուածային փառքով։ Համբարձումը Ձիթենեաց լերան վրայ պատահեցաւ բոլոր առաքեալներուն ներկայութեամբ։ Տէրը անոնց պատուէրներ տուաւ, օրհնեց զանոնք, երկինք համբարձաւ եւ լուսաւոր ամպը ծածկեց զԱյն առաքեալներուն տեսողութենէն։ Առաքեալներուն երկու հրեշտակներ երեւցան, որոնք Տիրոջ ուղեկից էին ու ըսին. “Ով Գալիլիացիներ, ինչո՞ւ կեցեր երկինքը կը դիտէք։ Այս Յիսուսը, որ երկինք համբարձաւ, օր մը դարձեալ պիտի գայ այնպէս՝ ինչպէս անոր երկինք երթալը տեսաք” (Գրծ 1.11)։ Այս տօնը միշտ Զատիկէն յիսուն օր ետք կը կատարեն Հինգշաբթի օր։

Հարցում. Մեր մէջ ի՞նչ կ՚արթնցնէ Համբարձման տօնը։

Պատասխան. Գլխաւորաբար հետեւեալները.

1.- Թէ մարդ արարածը, որ պատուիրանազանցութեան պատճառով մարմինով ու հոգիով ապականեցաւ եւ զրկուած էր աստուածային հաղորդութենէն, Յիսուս Քրիստոսի մարմնանալով, մաքրուեցաւ սկզբնական ապականութենէն, կրկին փառաւորուեցաւ, երբ Ան նոյն մարմինով Հօր աջ կողմը նստաւ, Իր Աստուածութեան հետ հաղորդելով մեզ եւս։

2.- Թէ Ան համբառնալով, մեզի միայնակ չձգեց, այլ՝ խոստացաւ մինչեւ աշխարհի վախճանը մեզի հետ ըլլալ։

3.- Երկինք համբառնալով, ուրախութեան աւետիս տուաւ մեզի, Սուրբ Հոգին խոստանալով. “Ձեզի համար լաւ է, որ ես երթամ, որովհետեւ եթէ չերթամ՝ Մխիթարիչը պիտի չգայ ձեզի. իսկ եթէ Ես երթամ՝ զայն պիտի ղրկեմ ձեզի” (Յհ 16.7). “Բայց երբ գայ Ինքը՝ Սուրբ Հոգին, որ ճշմարտութիւնը կը յայտնէ, անիկա պիտի առաջնորդէ ձեզ ամբողջական ճշմարտութեան” (Յհ 16.13)։

4.- Յիսուս երկինք համբարձաւ աստուածային արդարութեան առջեւ բարեխօսելու համար եւ երկինքին մէջ մեզի բնակութեան վայր պատրաստելու համար. “Եւ երբ երթամ եւ ձեզի համար տեղ պատրաստեմ, դարձեալ պիտի գամ եւ ձեզ քովս առնեմ, որպէսզի ըլլաք հոն՝ ուր ես կը գտնուիմ” (Յհ 14.3)։

5.- Թէ Յիսուս նոյն մարմինով պիտի գայ ողջերն ու մեռելները դատելու»։

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

27 մայիս 2019, Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Մայիս 30, 2019