ԴԷՊԻ ԿԱՏԱՐԵԼՈՒԹԻՒՆ
Իբր ո՛չ եթէ արդէն առեալ իցէ,
կամ արդէն կատարեալ իցեմ. զհետ մտեալ եմ թէ հասից,
մանաւանդ թէ ըմբռնեալ իսկ իցեմ ի Քրիստոսէ Յիսուսէ։
(Փիլիպեցիս, 3.12)
Կ՚ապրինք Նոր Տարիի մը սեմէն ներս մուտք գործելու ուրախութիւնը։ Իւրաքանչիւր Ամանոր, կը հասնի մեր վրայ իր պարապ էջերով, որոնք պիտի արձանագրեն այն բոլոր դէպքերը, որոնց հետ դէմ յանդիման պիտի մնանք։ Անոնց հետ պիտի ծանօթանանք, ապրելով Տիրոջ մեզի պարգեւած կեանքի օրերը։ Ուրախառիթ եւ կամ տխրառիթ դէպքերու հետ դէմ յանդիման գալու պարագաներուն կամ պիտի տկարանանք եւ կամ զօրացած դուրս պիտի գանք։ Ամէն պարագայի, երբ կը վստահինք Աստուծոյ զօրութեան եւ կը հաւատանք, թէ ի վերջոյ Աստուծոյ օրհնեալ կամքը պիտի յաղթանակէ եւ իրականանայ, նեղութեանց մէջ իսկ չենք ընկրկիր, յիշելով, թէ՝ «նեղութիւնները համբերութիւն կը բերեն, համբերութիւնը՝ փորձառութիւն, փորձառութիւնը՝ յոյս եւ յոյսը բնաւ չ՚ամչցներ» (Հռոմայեցիս, 5.4)։ Իւրաքանչիւր Ամանոր իսկութեան մէջ կանչ մըն է, ուղղեալ՝ հաւատքով, յոյսով եւ սիրով զօրանալու եւ կատարելագործուելու թելադրանքով։
Այս առումով կը յիշենք, թէ՝ քրիստոնէութիւնը պարզապէս կրօնք մը չէ միայն։ Քրիստոնէական վարդապետութիւնը խորքին մէջ ապրելակերպի մը սկզբունքները կ՚ուսուցանէ, հեռու՝ քարացած օրէնքներէ։ Այդ սկզբունքները նախ եւ առաջ կը յենուն Տէր Յիսուսի հետ անձնական յարաբերութիւն մշակելու հրամայականին վրայ։ Քրիստոնեան կը հրաւիրուի նպատակակէտի մը հասնելու։ Այդ նպատակակէտն է կատարելագործել իր կեանքը, յիշելով այն ճշմարտութիւնը, թէ՝ Աստուծոյ պատկերի նմանութեամբ ստեղծուած է։ Նաեւ անդրադառնալով, թէ՝ ունի Աստուածապարգեւ շնորհներ, որոնց գլխաւորն է Աստուծոյ կենդանութեան շունչը, որով կը կենսաւորուի իր մարմինը։
Քրիստոնէական վարդապետութիւնը մեզ կը հրաւիրէ «կատարեալ ըլլալու, ինչպէս որ մեր Երկնաւոր Հայրը կատարեալ է» (Մատթէոս, 5.48)։ Հրաւէր մը կայ դիմելու դէպի կատարելութիւն։ Սակայն Քրիստոնէութեան մեծագոյն քարոզիչը՝ Պօղոս Առաքեալ, հակառակ իր կատարեալ առաքեալի մը հանգամանքին, կը խոստովանի, թէ՝ «ինք չէ հասած կատարելութեան, այլ կը ձգտի հասնիլ կատարելութեան, եւ այդ ճանապարհորդութեան մէջ ունի իրեն հաւատարիմ առաջնորդ մը, որմէ բռնուած է»։ Այդ առաջնորդը նոյնինքն Աստուծոյ Միածին Որդին, մեր Փրկիչն է, առանց Որուն պիտի չիմաստաւորուէր մեր կեանքը։
Աստուած անգամ մը որ մէկը իր գործին համար կ՚ընտրէ, զայն չի թողուր։ Ուշ կամ կանուխ զայն կը բերէ եւ կը հաստատէ Իր ծրագրած ճանապարհին մէջ։ Աստուած կարող է առիթ եւ զօրութիւն պարգեւել, որպէսզի թերութիւնները, սխալները, տկարութիւնները, նոյնիսկ մեղաւոր կեանքը չքանալով նոր էջեր բացուին եւ «Հովիւ մը դառնայ մարգարէ, մաքսաւոր մը՝ աւետարանիչ, եկեղեցի հալածող մը՝ Բանին Կենաց քարոզիչ»։ Սուրբ Գիրքէն երբ ունինք այս օրինակները, ինչո՞ւ անտեսենք կամ չգիտնալ ձեւացնենք, թէ՝ Աստուած Սուրբ Աւազանէն վերստին ծննդեան արժանացած իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ անդամին հրաւէր կ՚ուղղէ ծառայութեան վսեմ գաղափարին շուրջ համախմբուելու եւ դիմելու՝ դէպի կատարելութիւն։
Ծառայութիւն բառը շատերու համար ստորնացուցիչ իմաստ մը կը ներկայացնէ։ Իսկութեան մէջ ծառայութեամբ խոնարհողներ, մանաւանդ՝ պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ Աստուծոյ գործին լծուողներ, կը քալեն «Աստուծմով հարստանալու» (Ղուկաս, 12.21) տեսլականով։ Եկեղեցին երբ ծառայութեան կը հրաւիրէ իր զաւակները, շատեր այդ ծառայութիւնը կը սահմանափակեն հոգեւոր ծառայութեան իմաստով։ Սակայն եկեղեցին, մարմինը՝ Քրիստոսի, ապրող հաստատութիւն մըն է եւ կարիքը ունի ամէն տեսակի ծառայողներու։ Եւ վստահաբար կրնանք յայտնել, թէ Աստուծոյ գործին նուիրեալները «կը հարստանան բարի գործերով» (Ա. Տիմոթէոս, 6.18)։
Պօղոս Առաքեալ մի առ մի կը թուէ իր ունեցած բարեմասնութիւնները, որոնք առանձնաշնորհեալ անձի մը յատկանիշները կը դիմագծեն։ Կը խոստովանի, թէ այդ բոլորը որոնք շահ էին իրեն համար, վնաս կը նկատէր Քրիստոսի համար։ Առաքեալը մէկ կողմ թողլով սին պարծենկոտութիւնը, իր թուած բարեմասնութիւնները աղբ կը սեպէ, որպէսզի Քրիստոսը շահի (Փիլիպեցիս, 3.2-9)։
Աստուած մեզ կը հրաւիրէ կատարեալ ըլլալու, խոստացուած փրկութեան հասնելու։ Կը կանչուինք մրցասպարէզ, մրցելու եւ այդ մրցումէն յաղթական դուրս գալու։ Այս մրցման մէջ ունինք մրցակից մը, որ նոյնինքն մեր հակառակորդն է. Սատանան, աշխարհի իշխանը։ Աստուած, որ «չկամիր մեղաւորին մահը այլ կը փափաքի չար ճանապարհէն դառնալն ու ապրիլը» (Եզեկիէլ,18.23), սատանան իր ամբողջ զօրութեամբը կը ջանայ արգելք հանդիսանալ, որպէսզի անհատներ Քրիստոսի չկապուին կամ նոյնիսկ ընտրեալները մոլորեցնելու առաջադրութեամբ կը փորձէ առիթներ ստեղծել, Քրիստոսի հետ արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող կապը խզելու համար։ Քրիստոս, «ետիս գնա, սատանայ» հզօր բառերով սատանան զգետնեց, բոլորիս օրինակ հանդիսանալով։ Փորձութիւններ պիտի ելլեն մեր առջեւ։ Սակայն այդ փորձութիւններուն ընթացքին ունինք մեր Ապաւէնը, Փրկիչը՝ Տիրոջ Օծեալը, որ կատարելութեան հասնելու ճանապարհին մէջ մեզի հետ է եւ յոյս ու վստահութիւն կը ներշնչէ մեզի, յիշեցնելով նաեւ փրկութեան հասնելու կարեւոր պայմանը, որ է համբերութիւն. «Ով որ մինչեւ վերջը համբերէ՝ ան պիտի փրկուի» (Մարկոս, 13.13)։
Ամանորի ուրախութեան առընթեր ի մտի ունենանք, թէ՝ անցեալի մեր թերութիւնները կամ սխալները յիշելով կրնանք անոնցմէ ձերբազատուելու միջոցները որոնել, ապաւինելով՝ Աստուծոյ զօրութեան։
Ամանորը, որուն կը պատրաստուինք դիմաւորել, Երիտասարդութեան Տարի հռչակուած է Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի վերին տնօրինութեամբ։ Հոս կը յիշենք մեր հոգեւոր ծնողը՝ երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարք Հայրը, որ հայրական բազում խրատներու առընթեր անգամ մը արտայայտուած էր ըսելով. «Մնացէք Ձեր Եկեղեցւոյ հովանիին տակ, պիտի տեսնէք, թէ դուք լաւագոյն եւ ապահով կերպով կրնաք պահել Ձեր պատկանելիութիւնը, Ձեր հոգեւոր, բարոյական եւ մշակութային արժէքները առանց տարուելու այլեւայլ հոսանքներէ»։ Մեր աղօթքն է, որ մեր ժողովուրդի զաւակները իմաստուն գտնուին կեանքի կոչելու մեր երանաշնորհ հոգեւոր պետին թելադրութիւնը, որ բնականաբար իր աւիշը կը ստանայ Հայ Եկեղեցւոյ դարաւոր աւանդութենէն։
Ի բոլոր սրտէ աղօթելով կը գոչենք. «Շնորհաւոր Նոր տարի»։ 2018 տարին բոլորիս համար ըլլայ օրհնաբեր տարի մը. Ամէն։
ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Եկեղեցական
- 11/27/2024