ՏԱՐԵՎԵՐՋԻ ՈՒ ԱՄԱՆՈՐԻ ԽՈՀԵՐ

Անցեալներս առիթն ունեցայ մասնակցելու երկու նորահասներու տօնածառ զարդարելու աշխատանքին եւ յիշեցի, թէ երբ նոյն տարիքի էինք, ի՜նչ մեծ ուրախութեամբ ու գոհունակութեամբ այդ զարդարանքը կը կատարէինք: Իսկ այսօր, երբ այն երանելի օրերը արդէն պատմութիւն դարձած են, զուարթ տղաքը դիտելու ատեն կը փորձուինք ձայնակցիլ այդ ահագին զանգուածին, որ կ՚ըսէ, թէ Ամանորը, Կաղանդը կամ Նոր տարին, դուք ինչ որ ուզէք կոչեցէք զայն, պարզ ժամանակի հարց է եւ կապ չունի կրօնքի կամ եկեղեցիի հետ։

Եկէք պահ մը համաձայն ըլլանք այս գաղափարին. 31 դեկտեմբեր կոչուած օրէն դէպի 1 յունուար կոչուած օր անցքի ժամանակ մըն է միայն։ Զուտ աշխարհիկ բան մը…

Եթէ այդպէս իսկ ըլլայ, ժամանակաւոր աշխարհի անժամանակ Արարիչը արդեօք ուշադրութիւն չէ՞ դարձուցած այս գաղափարին։

Այս հարցումին պատասխանը կու տայ մեզի Աստուածաշունչը՝ Աստուծոյ կենդանի խօսքը։ Այդ հրաշալի Մատեանէն կը կարդանք, որ մօտ ութ հարիւր անգամ կը խօսուի «ժամանակ» գաղափարի մասին։ Այսքան կարեւոր է ժամանակը։

Միջին հաշուով քանի մը տասնեակ տարիներու կեանք ունեցող մարդ արարածը, երբ պահ մը կը դիտէ բազմաթիւ տարիներու կեանք ունեցող աշխարհ կոչուած մոլորակը՝ կը տեսնէ, թէ որքան փոքր է այն։

Սողոմոնի իմաստութեան գիրքը այնքան գեղեցկօրէն կը նկարագրէ այս գաղափարը՝ ըսելով. «Արդարեւ, ես քու ծառադ եմ եւ քու աղախնիդ որդին, ես տկար մարդ եմ եւ կարճատեւ կեանքի տէր, ես հասուն չեմ դատի ու օրէնքի իմացութեան մէջ» (9.5)։

Ժամանակի եւ նոր տարի գաղափարին կարեւորութիւն ընծայող հաւանաբար համայն աշխարհի ամենածանօթ անձը եղաւ եկեղեցական մը՝ Միւռայի Նիկողայոս Հայրապետը՝ մանուկներու սիրելի Կաղանդ պապուկը։ Ինչպէ՞ս կարելի է մոռնալ այդ Սրբազան ծերունին, որ Նոր տարին առիթ համարելով ծառայեց իր մեծ Վարդապետին, որ կ՚ըսէ. «Ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. քանի իմ այս եղբայրներուս փոքրագոյններէն մէկուն ըրիք ինծի՛ ըրիք» (Մատթ. 25.40), կամ «Ով որ այս պզտիկներէն մէկուն գաւաթ մը պաղ ջուր խմցնէ՝ աշակերտի անունով, ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի, բնա՛ւ իր վարձատրութիւնը պիտի չկորսնցնէ» (Մատթ. 10.42)։

Եթէ մենք՝ այս բազմաթիւ տարիներու աշխարհի քանի մը տասնեակ տարիներու բնակիչ մարդիկս ջանանք բարիքի առիթ դարձնել Նոր տարին, ի՞նչ կը կորսնցնենք. ոչինչ։

Նոյն հարցումը հարցնենք եւ մտածենք, թէ ի՞նչ կը շահինք. շատ բան։

Եթէ այս հարցումին պատասխանենք զուտ մարդկայնօրէն՝ մեր բաւարարութիւնը պիտի ըլլայ այդ անձին ուրախութիւնը։

Իսկ եթէ պատասխանենք Աւետարանական սկզբունքով՝ պատասխանը տուած է արդէն Տէր Յիսուս Քրիստոս ինքը։

Աստուծոյ՝ որպէս դրախտ ստեղծած աշխարհը, Անոր իսկ ձեռակերտ մարդ-արարածի կողմէ այս դարուս պատերազմներու, բախումներու եւ չարութեանց թատերաբեմ դարձած է։ Այսօր աշխարհ խաղաղութեան կարօտն ունի այնքան, որքան ունեցաւ մեծ պատերազմներու օրերուն միայն։ Աշխարհ նաեւ կարիքն ունի փտածութենէ մաքրուելու, թօթափուելու, որովհետեւ այնքան յառաջ գացած է՝ որքան անբաղձալի նմանները կան պատմութեան էջերուն մէջ։

Տարեվերջին ու Ամանորի սեմին մեր բոլորին՝ անխտիր բոլորիս կը վիճակի կարծես դժուար, սակայն անխուսափելի երկու պարտք.

ա. Պատերազմներով, բախումներով ու կռիւներով լեցուն այս օրերուն աղօթել Խաղաղութեան Իշխանին, որու ծննդեան օրը պիտի նշենք քանի մը օրէն։ Եկէք ծնկաչոք աղօթենք, որ շուրջ երկու հազար տարիներ առաջ համեստօրէն աշխարհ եկած այդ Մանուկը, հովիւներէ ու մոգերէ երկրպագութիւն ընդունած այդ Երեխան, երկնի ու երկրի Արարիչ Աստուծոյ Միածին Որդին, որու աշխարհ գալու միակ նպատակն էր Հայր Աստուծոյ մարդկութեան հանդէպ ունեցած անսահման սէրը, խաղաղութիւն թող բերէ աշխարհիս։ Այդպէս փառաբանեցին հրեշտակները Իր Սուրբ Ծնունդը՝ երգելով. «Բարձունքներու մէջ Աստուծոյ փառք, երկրի վրայ խաղաղութիւն, մարդոց մէջ հաճութիւն»։

բ. Եկէք չբաւարարուինք միայն աղօթելով եւ ըլլա՛նք գործունեայ, ինչպէս եղաւ մեծանուն Հայրապետը՝ Ս. Նիկողայոս Միւռան։ Մեր ունեցուածքէն բաժին հանենք Աստուծոյ գործին։ Այն ինչ, որ ունինք, մեզի աւելի մեծ ուրախութիւն կը պատճառէ այն ատեն, երբ մեր այդ ունեցածով մեզի հետ ուրախակից կը դարձնենք նաեւ ուրիշները՝ յատկապէս անոնք, որոնք այդ բաներուն կարօտն ունին։ Յիշենք Քրիստոսի այնքան դիպուկ խօսքը. «Աւելի՛ երանելի է տա՛լը՝ քան առնելը» (Գործ. Առ. 20.35)։

Եւ այս բոլորին համար սքանչելի առիթ է տարեվերջը կամ Ամանորը։ Ինչպէս որ ուզենք՝ կոչենք։

Այսպիսով Նոր տարիին սկսինք կամ եթէ սկսած ենք՝ շարունակենք նոր մարդ ըլլալ «ըստ պատկերին Աստուծոյ» կամ մերօրեայ լեզուով՝ Աստուծոյ նմանութեամբ։

Մարդ քանի տարիքը կ՚առնէ, կը սկսի կեանքի հաշուեյարդարը ընել, այսպիսի օրերը սքանչելի առիթներ են։

Եւ չմոռնանք նաեւ, որ տարեվերջը կամ նոր տարիի օրերը միշտ մաս կը կազմեն Տէր Յիսուս Քրիստոսի Սուրբծննդեան մեծ տաղաւարի պատրաստութեան շրջանին՝ Սուրբ Ծնունդի պահքին։

Ամանորի շնորհաւորաքով, աղօթքով ու սիրով…

ՅՈՎԱԿԻՄ ԱԲՂ. ՍԵՐՈՎԲԵԱՆ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 30, 2023