ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս վերջերս հոգեւոր մեծ ցնծութեան առիթ հանդիսացաւ Նիւ Եորքի Ս. Վարդան առաջնորդանիստ մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած եպիսկոպոսական անդրանիկ Ս. Պատարագը։ Արդարեւ, Թեմակալ առաջնորդ Տ. Դանիէլ Եպսկ. Ֆընտըքեան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ սրբազանի օծում եւ ձեռնադրութիւն ստանալէ վերջ մատոյց իր անդրանիկ Ս. Պատարագը հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ։ Նորին Սրբազնութիւնը Արեւելեան թեմի հաւատացեալներուն իր պատգամը փոխանցեց Ս. Վարդան առաջնորդանիստ մայր տաճարի խորանէն։

Օրուան երգեցողութիւնները կատարուեցան Ս. Վարդան մայր տաճարի երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Խորէն Մէյխանէճեանի։

Այս յատկանշական արարողութեան մասնակցեցան Ուաշինկթընի մօտ Հայաստանի դեսպան Վարուժան Ներսէսեան, ՄԱԿ-ի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ դեսպան Մհեր Մարգարեան, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչները, ամերիկահայ կազմակերպութիւններու ղեկավարներ, Արեւելեալ թեմի վարչութեան եւ յարակից մարմիններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ միջեկեղեցական հիւրեր։

Բոլոր ներկաներն ու հաւատացեալները ջերմօրէն շրջապատեցին Տ. Դանիէլ Եպսկ. Ֆընտըքեանը, որուն յղեցին շնորհաւորութիւններ եւ բարեմաղթանքներ՝ եպիսկոպոսական իշխանութեան իր հոգեւոր առաքելութիւնը առաւել արդիւնաւէտութեամբ յառաջ տանելու ակնկալութիւնով։  

Ուրբաթ, Մայիս 31, 2019