ԱՐԺԱՆԹԻՆԱՀԱՅ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց խումբ մը արժանթինահայ երիտասարդներ։ Մայրավանքի «Գարեգին Ա.» կրթական կեդրոնի յարկէն ներս տեղի ունեցաւ այս հանդիպումը։ Այսպէս, Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեան արժանացան Արժանթինի հայոց թեմի «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» կրթարանի, «Դերձակեան» վարժարանի եւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան «Մարի Մանուկեան» վարժարանի աշակերտներն ու անոնց ծնողները։ Նկատի ունենալով, որ 2018 թուականը Ամենայն Հայոց Հայրապետին կողմէ Երիտասարդութեան տարի հռչակուած է՝ այս խումբը փափաքած էր այցելել Հայաստան։ Արժանթինահայ երիտասարդներուն ուղեկցեցաւ Պուէնոս Այրէսի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Մաղաքիա Վրդ. Ամիրեան։
Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը արժանթինահայ երիտասարդներուն փոխանցեց իր հայրական օրհնութիւնն ու սէրը։ Ան ուրախութեամբ հաստատեց, որ արժանթինահայ համայնքը սփիւռքի ամենակազմակերպուած հաւաքականութիւններէն մին է, ուր կը տիրապետեն հայկական գիտակցութիւնն ու ոգին։ Նորին Սրբութիւնը գոհունակութեամբ վերյիշեց իր հովուապետական այցելութիւնները դէպի Արժանթին։ Ան մատնանշեց, որ հայկական զանազան համայնքներ այցելելու ժամանակ ականատես դարձած է արժանթինահայերու զօրաւոր հաւատքին, հայ կեանքի կերտման ու հայու ինքնութեան պահպանման գործին մէջ իրենց ներդրումը բերելու հայորդիներու ազնիւ ձգտման։
Վեհափառ Հայրապետը յորդորեց երիտասարդներուն՝ որպէսզի իրենց նախնեաց օրինակով ըլլան ազգասէր եւ եկեղեցասէր, մշտապէս զօրացնեն համայնքային կեանքը, իրենց զօրաւոր հաւատքով յաղթահարել արդի մարտահրաւէրները եւ պահպանել ազգային շունչն ու ոգին։