ՆՈՐՈԳՈՒԻԼ ՍԻՐՈՅ ԶՕՐՈՒԹԵԱՄԲ
Իւրաքանչիւր Ամանորի սեմին նախ մեր անհատական կեանքէն ներս կը սկսի յուզումնախառն եռուզեռ մը, տօնածառը զարդարելու, տօնակատարութեան մասին ծրագիրներ մշակելու, Ամանորը ուրախ եւ զուարթ մթնոլորտի մը մէջ դիմաւորման միջոցները որոնելու մտազբաղմունքով։ Այս եռուզեռը ազդուելով նաեւ հրապարակի վրայ տիրող եռուզեռէն, որուն կէտ նպատակն է տնտեսական ու առեւտրական առաւելութիւններ ձեռք բերել, կու գայ տարածուիլ մեր ընտանեկան կեանքէն ներս եւս։ Սակայն այս տարի Ամանորի սեմը մեր սերունդին համար յիրաւի պիտի մնայ յիշատակելի՝ տիրող արտասովոր պայմաններու բերմամբ։ Արտասովոր՝ իր ժխտական ու ծայր աստիճան անհանգստացուցիչ ու մտահոգութիւն առթող երեսակով։
2020 տարին յիրաւի բերաւ այնպիսի օրեր, որոնք քորոնայի տխրահռչակ համավարակի շնորհիւ տակնուվրայ ըրին մեր առօրեայ կեանքը։ Զրկուեցանք հոգեւոր ապրումներէն, զորս սովոր էինք ապրիլ տօնական առիթներով, մանաւանդ վայելելով Աւագ Շաբթուան եւ Սուրբ Զատկի ու յետագայ տօներու հոգեզուարճ մթնոլորտը։ Մեր աղօթքի տուները զրկուեցան ապրող եկեղեցիի՝ հաւատացեալներու ներկայութենէն ու Սուրբ Պատարագներ մատուցուեցան դռնփակ։ Բաց աստի ինչպէս աշխարհի մարդկութիւնը, այնպէս ալ մեր համայնքը ունեցաւ կորուստներ։ Ընտանիքներ Ամանորի սեմին կը սգան իրենց սիրելիներուն առյաւէտ բաժանումը։ Այդ սուգի տրտմութեամբ համակուած կը շարունակեն իրենց կեանքը ու կը պատրաստուին դիմաւորել Ամանորը։
Երբ տխրութեան մթնոլորտը որպէս խաւար շրջապատած է մեզ, կարիքը ունինք խաւարը փարատող լոյսի մը, մանաւանդ ճշմարիտ լոյսի մը, որ ըլլայ անմար, որ ըլլայ յուսադրիչ, որ ըլլայ կազդուրիչ, որ ըլլայ զօրացուցիչ, որ ըլլայ նորոգող։ Այդ լոյսը մեր Երկնաւոր Հօր յաւիտենականութենէն ճառագայթող լոյսն է, Աստուծոյ ներկայութիւնը, որ բոլորիս կը յիշեցնէ, թէ Ան է կեանքի Տէրը։ Այս տխրառիթ մթնոլորտին մէջ երբ կը փարինք Աստուծոյ կենսանորոգ լոյսին, կը զգանք, թէ աշխարհի արժէքները որքան գնայուն են եւ իսկութեան մէջ կու գայ տեղ մը, ուր անոնք անզօր կը մնան «մեր մազին մէկ թելը ճերմկցնել կամ սեւցնել»։ Կը յիշենք
Եբրայեցւոց թուղթին հեղինակը, որ կը թելադրէ «արծաթասէր բարքեր չունենալ եւ բաւարար համարել այն ինչ որ ձեռք բերուած է», նաեւ կը յիշեցնէ Աստուծոյ խոստումը. «Պիտի չթողում քեզ եւ ոչ ալ պիտի լքեմ» (Եբրայեցիս, 13.5-6)։
Աստուած խոստացած էր իր ժողովուրդը չլքել, որուն մասին կը կարդանք Հին Կտակարանի մէջ։ Մովսէս մարգարէ նախքան իր առաջնորդի պաշտօնը Նաւէի որդի Յեսուին փոխանցելը, իր ժողովուրդին ըսաւ. «Ուժովցէ՛ք ու քա՛ջ եղէք, մի՛ վախնաք ու անոնց երեսէն մի՛ զարհուրիք. քանզի ձեր Տէր Աստուածը ինք ձեզի հետ պիտի երթայ. Ան ձեզ պիտի չթողու ու երեսէ պիտի չձգէ»։ Նոյն ուղղութեամբ նաեւ Մովսէս մարգարէն խօսեցաւ Յեսուին հետ ըսելով. «Ուժովցի՛ր ու քա՛ջ եղիր. քանզի այս ժողովուրդը դո՛ւն պիտի տանիս այն երկիրը, որ Տէրը անոնց հայրերուն երդում ըրաւ անոնց տալու։ Դուն պիտի տանիս, որ ժառանգեն։ Եւ քու առջեւէդ գացողը նոյն ինքը Տէրն է. Ան քեզի հետ պիտի ըլլայ. Ան քեզ պիտի չթողու ու քեզ երեսէ պիտի չձգէ. մի՛ վախնար ու մի՛ զարհուրիր» (Երկրորդումն Օրինաց, 31.6-8)։ Եւ Աստուած խօսեցաւ Յեսուին. «Քու կեանքիդ բոլոր օրերուն մէջ մա՛րդ մը պիտի չկրնայ քեզի դէմ դնել։ Ինչպէս Մովսէսին հետ էի, քեզի հետ ալ այնպէս պիտի ըլլամ։ Քեզ պիտի չթողում ու քեզ անտես պիտի չընեմ» (Յեսու, 1.5)։ Հին Կտակարանի դէմքերու կեանքէն ներս եղած այս խոստումները նոյնութեամբ ի զօրու են նաեւ Նոր Կտակարանի հաւատաւոր անձերու համար եւս, քանի Քրիստոս «լրումն է օրինաց եւ մարգարէից»։
Սուրբ Աւետարանը կը յիշեցնէ թէ, մարդը հակառակ իր մարդկային տկարութիւններուն, թերութիւններուն, մեղաւոր վիճակին եւ չարութեան գիտէ իր զաւակներուն բարի պարգեւներ տալ։ Այս յիշեցումին երկրորդ մասը առաւել եւս կարեւոր է անոր համար, որ առընչուած է մեր Երկնաւոր Հօր բարութեան հետ եւ Աստուածային բարութիւնը կը ներկայացուի որպէս առհաւատչեան մեր Աստուծմէ աւելիով ստանալիք բարիքներուն, պայմանաւ որ Իրեն վստահինք եւ Իրեն դիմենք (հմմտ. Մատթէոս, 7.11)։
Երբ Սուրբ Գիրքէն կը կարդանք այս համարները՝ կը յիշենք, թէ բոլորս կը մղենք կեանքի պայքար մը եւ այդ պայքարին մէջ որքան որ կարիքը ունինք նիւթին, այնքան եւ աւելին՝ բարոյականին։ Մեր գտնուած վիճակէն միայն դժգոհիլը մեզ կ՚առաջնորդէ այնպիսի վիճակի մը, ուր կը մոռնանք, թէ Աստուած մեզի շնորհներ պարգեւած է։ Այս օրերուն լաւ կ՚ըլլայ յիշել ի Քրիստոս ննջած մեր հայրերն ու մայրերը, որոնք զուրկ՝ ընտանեկան օճախէ, զուրկ՝ սիրելիներէ, զուրկ՝ ընտանեկան անդամներէ, բարեկամներէ եւ դրացիներէ, դժբախտ պայմաններու տակ նոր տարի դիմաւորելու հարկադրուած էին, եւ երանի անոնց, որոնք կրցած էին դիմաւորել։ Այդ նիւթական զրկանքին մէջ անոնք գիտցած էին ապաւինիլ ի ձեռին ունեցած աննիւթ հարստութեան, որ էր իրենց սրտին մէջ վառ մնացած հաւատքի լոյսի նշոյլները եւ չենք գիտեր գուցէ այդ վիճակին մէջ գիտցած էին փառք տալ Աստուծոյ, նման Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետին, ըսելով. «Փառք քեզ Աստուած, փառք Քեզ, յաղագս ամենայնի Տէր, փառք Քեզ» բառերով։ Գուցէ հաւատաւոր անձեր արժէք կ՚ընծայէին Դաւիթ մարգարէի արտասանած բառերուն. «Տէրը ինծի հետ է, չեմ վախնար, մարդը ինծի ի՞նչ կրնայ ընել։ Տէրը իմ օգնականներուս հետ մէկտեղ ինծի հետ է ու ես թշնամիներուս կորուստը պիտի տեսնեմ» (Սաղմոսք, 117/118.6-7)։ Անոնք ապաւինեցան «Տիրոջ հովուութեան» եւ արտայայտուեցան թէ, «բանի մը կարօտութիւնը պիտի չունենային»։ Դաւիթ ոարգարէի յետագայ բառերը եւս քաջութիւն ներշնչած էր անոնց. «Տէրը հոգիս կը նորոգէ։ Թէեւ մահուան շուքի ձորին մէջ ալ պտըտիմ, Չարէն պիտի չվախնամ, Վասն զի դուն ինծի հետ ես»։ Անոնք ապաւինեցան «Աստուծոյ ցուպին եւ գաւազանին մխիթարիչ զօրութեան» (Սաղմոսք, 21/22.1-4)։
Զգալ Աստուծոյ սիրոյն զօրութիւնը։ Սա բանալին է, որով կը բացուի այն դուռը, որ կ՚առաջնորդէ դէպի մխիթարութեան եւ վերականգնման ճանապարհը, ուր ցաւի, տրտմութեան, սուգի մթնոլորտի ծանրութիւնը կ՚անէանայ։ Եբրայեցւոց թուղթին հեղինակը կը գրէ. «Մտիկ ըրէ՛ք Ձեր առաջնորդներուն ու հնազանդեցէ՛ք անոնց, որովհետեւ անոնք կը տքնին ձեր հոգիներուն համար, քանի որ հաշիւ պիտի տան ձեր փոխարէն. եւ անոնք ուրախութեամբ թող ընեն այդ բանը եւ ոչ թէ հառաչելով. բան մը որ օգուտ չի տար ձեզի» (Եբրայեցիս, 13.17)։ Սուրբ Գիրքը այս բառերով նկատի ունի եկեղեցւոյ հոգեւոր առաջնորդները։ Երբ կը կարդանք այս համարը՝ կ՚անդրադառնանք՝ թէ ունինք Առաջնորդ մը, որ առաջնորդաց Առաջնորդն է. Ճշմարիտ Լոյսը՝ Յիսուս Քրիստոս, որ «մեզի համար աղքատացաւ, ինք՝ որ մեծատուն էր, որպէսզի իր աղքատութեամբ մենք հարստանանք» (Բ. Կորնթացիս, 8.9)։
Այս հաւատքով թող ներուի մեզի երբ կը յանդգնինք ըսել. Մտիկ ընենք Աստուծոյ Որդիին եւ հնազանդինք Անոր, որովհետեւ Ան իր առաքելութիւնը յանձն առաւ ի կատար ածել սիրով եւ ոչ թէ հառաչելով։ Մեզի կը մնայ լսել Իրեն եւ ոչ թէ հառաչել, բան մը որ օգուտ չի բերեր մեզի։
Աստուծոյ անսահման սէրը, յայտնաբերուած՝ Յիսուս Քրիստոսի մարդեղութեամբ, թող բնակի մեր բոլորին սրտերէն ներս ու արտացոլայ բոլոր անոնց վրայ, որոնք կարիքը ունին մեր մօտիկ հետաքրքրութեան, օժանդակութեան եւ մխիթարութեան։ Յատկապէս այս Ամանորին մեր շուրջը կը գտնուին ընտանիքներ, որոնք իրենց կեանքը կը շարունակեն խիստ անձուկ պայմաններու մէջ։ Մեր բոլորին համար քաղցր պարտականութիւն է ընդառաջել Պատրիարքական Աթոռի Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբի օժանդակութեան կոչին, որ կը վայելէ Ամեն. Պատրիարք Սրբազան Հօր հայրական օրհնութիւնը։ Պօղոս առաքեալ Կորնթոսի Եկեղեցիին օրինակ կը ներկայացնէ «Մակեդոնիայի եկեղեցիները, որոնք իրենց նեղութեան մեծ փորձութեան մէջ մեծապէս ուրախացած եւ իրենց ծանր աղքատութեան մէջ աւելի մեծ առատաձեռնութեան մղուած էին»։ Երուսաղէմի աղքատներուն ի նպաստ կատարուած հանգանակութիւնը կ՚որակէ որպէս «Աստուծմէ շնորհք»։ Եւ շարունակելով իր խօսքը՝ կը թելադրէ ըսելով. «Եւ ինչպէս ամէն բանի մէջ հարուստ էք, հաւատքով, խօսքով, գիտութեամբ, ամենայն փութաջանութեամբ եւ այն սիրով որ կայ մեր մէջ ձեզի հանդէպ՝ այդ շնորհին մէջ ալ հարուստ ըլլաք» (Բ. Կորնթացիս, 8.1, 7)։
Կ՚աղօթենք եւ կը մաղթենք, որ առաքելական թելադրութիւնը իր անդրադարձը ունենայ մեր բոլորին ընտանեկան յարկերէն ներս եւ այս անդրադարձը պտղաբերի իր լուման տաճարին նուիրած այրի կնոջ օրինակով, որ արժանացաւ Տիրոջ գնահատանքին։ Վստահ ենք, թէ Աստուածային սիրոյ ճառագայթները երբ արտացոլան մեր կեանքերէն ներս, այդ պիտի ըլլայ Քրիստոնէական առումով վերականգնման ու մխիթարութեան առիթ այլոց։ «Երանի՜ անոր, որ աղքատին հոգ կը տանի։ Նեղութեան օրը Տէրը պիտի փրկէ զանիկա։ Տէրը պիտի պահէ ու ապրեցնէ զանիկա, Երանելի պիտի ըլլայ երկրի վրայ» (Սաղմոսք, 40/41.1-2)։
Այս հաւատքի արտայայտութեան մէջ «Ընդ մեզ է Աստուած» եւ միայն «Յուսանք ի Նա»։
Ամանորի սեմին աղօթք առ Աստուած վասն առողջութեան համայն մարդկութեան եւ մխիթարութեան՝ ցաւատանջ հոգիներու ու սրտագին մաղթանքներ՝ վասն խաղաղութեան եւ բարօրութեան համայն աշխարհի։ Ամենաբարին Աստուած իր պահապան Աջին հովանին անպակաս ընէ մեր ընտանեկան յարկերէն ներս։
Շնորհաւոր Նոր տարի բոլորիս։
ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
9 դեկտեմբեր 2020, Գնալը կղզի