ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՆՈՐ ՏԱՐԻ
Անգամ մը եւս մեր իղձերու իրականացման յոյսերով նոր տարիի մը սեմին կը գտնուինք։ Անցեալ տարիներուն ալ նոյնպէս նոր տարուայ վրայ մեծ յոյսեր դրած էինք, սակայն այդ սպասումներէն ոմանք իրականացան, ոմանք ալ ոչ, բայց օրեր ու տարիներ անցան գացին… Յամենայնդէպս, մեր սպասումները ինչ որ ալ ըլլան եւ կամ տարեշրջանը որքան մեր ուզածին համաձայն ընթանայ կամ ոչ, տարուայ թուականները պիտի ըլլան միակ փոխուողը ու մենք շարունակ նոր իղձ ու փափաքներով պիտի դիմաւորենք ամէն մէկ նոր տարի։
Բոլորս ալ գիտենք այս ճշմարտութիւնը եւ մեզի համար նորութիւն մը չէ․ միայն մանուկներն են, որ դեռ չեն սորված եւ երազանքներու ու սպասումներու մէջ են, ինչ որ բնական եւ հաճելի է իրենց համար, նաեւ կը զօրացնէ իրենց յոյսի զգացումը։
Մկրտութեան պահուն կնքահօր կողմէ Աստուծմէ երեխային կը խնդրուի հաւատք, յոյս, սէր եւ մկրտութիւն, որոնց կ՚աւելնան՝ արդարանալ, մեղքերէ սրբուիլ, չար ուժերէ ազատիլ եւ վերջապէս Աստուծոյ ծառայելու խնդրանքը։ Հետեւեալ այս խնդրանքները՝ որպէս կնքահօր դիւրութիւն, եկեղեցւոյ պաշտօնեային կողմէ կ՚արտասանուին։
Կեանքի մայր նպատակը կազմող, Աստուծոյ ծառայելու հրամայականին մէջ երեխային պէտք ունեցած բոլոր այս փափաք ու խնդրանքները մանուկը Ս․Մկրտութեան պահուն կը ստանայ իբրեւ երկնային շնորհ, որուն կորիզը կը կազմէ առաջին երեքը՝ հաւատքը, յոյսը եւ, ամենէն կարեւորը, սէրը։ (Ա․Կորնթ․ 13-13)։
Իսկ մնացեալը կը վիճակի կնքահօր եւ մանկան ծնողքին, որպէսզի մինչեւ չափահասութեան ժամանակ մանկան սորվեցնեն ու զայն դաստիարակեն։ Մանուկի մը ձեռքը գտնուող ոսկի դրամ մը ինչպէս որեւէ իմաստ չի ներկայացներ իրեն համար, քանի ունեցածին մասին գաղափար չունի, նոյնպէս Աստուծոյ շնորհներն ալ մեզի համար արժէք չեն ներկայացներ այնքան ատեն, որ անչափահաս ու մանուկի պէս կը վարուինք, որքան ալ տարիքով մեծ ըլլանք։
Պօղոս առաքեալ այս իրականութեան անդրադառնալով կ՚ըսէ.
«Երբ տղայ էի, տղայի պէս կը խօսէի, տղայի պէս կը խորհէի, տղայի պէս համարում ունէի. բայց երբ այր եղայ, տղայութեան բաները մէկդի ձգեցի։ (Ա․Կորնթ․ 13-11)։
Երբ տօնական ու այլ առիթներով իրարու բարեմաղթութիւններ կ՚ընենք՝ կ՚ըսենք «Շնորհաւոր ըլլայ»։ Այո՛, մեզ՝ քրիստոնեաներուս համար շնորհքն ու շնորհքով լեցուն շնորհաւոր ըլլալը կարեւոր է․ զիրար զգուշացնելու ժամանակ՝ շնորհքով գործ տեսիր, մանուկը ազդարարելու ժամանակ՝ շնորհքով կեցիր, կ՚ըսենք։ Իսկ անոնք, որոնք սխալ ու անբարոյ կեանք կ՚ապրին, զանոնք կ՚անուանենք իբրեւ անշնորհք։ Հայերէնի գործածութեան պակասի պատճառով վերջին շրջաններուն այս բառը յաճախակի չի գործածուիր, այս վիճակը դժբախտաբար շնորհքի իմաստին ու կարեւորութեան հասկցուելուն վրայ շուք կը ձգէ։ Շատեր կը կարծեն, որ այս մէկը բարեւելու նման նախադասութիւն մըն է ու այլ լեզուներու մէջ գործածուած շնորհաւորական խօսքերու իբրեւ հոմանիշ։
Սիրելի քոյրեր ու եղբայրներ,
2020 թուականը մեր բոլորին, նաեւ աշխարհին համար եղաւ բաւական դժուարին ու ծանր տարի մը, որու ընթացքին Աստուծոյ շնորհքներէն՝ հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ աւելիով պէտք ունեցանք։ Հիւանդութիւնը մէկ կողմէ, անոր պատճառած անգործութիւնն ու աղքատութիւնը միւս կողմէ, որոնց վրայ բարդուեցաւ տարաժամ մահեր եւ այլ դժբախտութիւններ, որոնցմով բոլոր աշխարհ փորձուեցաւ։ Լսեցինք տեղ-տեղ երկրաշարժներ, պատերազմներու ձայներ, սովեր ու սրածութիւններ ու ահռելի լուրեր։ Թէեւ նման արհաւիրքները մեզ՝ քրիստոնեաներուս համար շատ ալ օտար չէին, բայց կարծէք այսքան մօտէն ու յստակ չէինք լսած անոնց սարսափելի ձայները։
«Վասն զի ազգ ազգի վրայ պիտի ելլէ ու թագաւորութիւն թագաւորութեան վրայ եւ տեղ տեղ սովեր ու մահտարաժամներ ու երկրաշարժներ պիտի ըլլան։ Սակայն ասոնք ցաւերուն սկիզբն են։ Այն ատեն ձեզ նեղութեան պիտի մատնեն եւ ձեզ պիտի սպաննեն ու իմ անուանս համար բոլոր ազգերուն ատելի պիտի ըլլաք։ Շատեր պիտի գայթակղին ու մէկզմէկ պիտի մատնեն եւ ատեն։ Շատ սուտ մարգարէներ պիտի ելլեն ու շատերը պիտի մոլորեցնեն։ Անօրէնութեան շատնալուն համար շատերուն սէրը պիտի պաղի։ Բայց ով որ մինչեւ վերջը համբերէ, անիկա պիտի ապրի։ Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ ՎԵՐՋը պիտի գայ»։ (Մատթ․24-7)։
Սիրելի ընթերցող, ուրեմն մեզի ի՞նչ կը վիճակի՝ վախնալ այս բոլորէն, անշուշտ չյուսահատիլ, որովհետեւ մենք իբրեւ լոյսի որդիներ մեր ունեցած աստուածային մեծ զէնքերուն ապաւինելով պիտի պայքարինք չարին դէմ։
Կը մաղթենք ու կ՚աղօթենք, որ այս նոր տարին լեցուն ըլլայ Աստուծոյ շնորհներով, Միածին Որդիին Ս. Ծնունդով երջանկանայ աշխարհ, հիւանդութիւններ բժշկուին, ցաւեր դադրին, անգործութիններ չքանան, յուսահատութիւններ վերանան եւ Աստուծոյ թագաւորութեան յոյսը շրջապատէ բոլորս։ Բայց արթուն ըլլանք բոլոր անպատեհութիւններու դէմ, քանի Ս. Գիրք կը զգուշացնէ մեզ։
«Բայց այն ժամերուն ու ժամանակներուն համար, եղբա՛յրներ, պէտք չէ բան մը գրել ձեզի. քանզի դուք աղէկ գիտէք թէ Տէրոջը օրը գիշերուան գողի պէս պիտի հասնի։ Երբ ըսելու ըլլան թէ խաղաղութիւն ու ապահովութիւն է, այն ատեն կորուստը յանկարծակի անոնց վրայ պիտի հասնի յղիին երկունքին պէս ու պիտի չազատին։ Բայց դո՛ւք, եղբայրներ, խաւարի մէջ չէք, որ այն օրը գողի մը պէս ձեր վրայ հասնի։ Վասն զի դուք ամէնքդ լուսոյ որդիներ էք ու ցորեկ-ւան որդիներ։ Մենք գիշերուանը չենք, խաւարինը չենք։ Ուրեմն չքնանանք ինչպէս ուրիշները, հապա արթուն ու զգաստ ըլլանք։ Քանզի անոնք որ կը քնանան՝ գիշերը կը քնանան եւ անոնք որ կ՚արբենան՝ գիշերը կ՚արբենան։ Բայց մենք, որովհետեւ ցորեկուանն ենք, զգաստ ըլլանք եւ հաւատքի ու սիրոյ զրահը մեր վրայ հագնինք ու փրկութեան յոյսին սաղաւարտը գլուխնիս դնենք։ Վասն զի Աստուած մեզ բարկութեան համար չորոշեց, հապա փրկութիւն ստանալու համար մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով, Որ մեզի համար մեռաւ, որպէս զի թէ՛ արթուն ըլլանք եւ թէ՛ քնանանք, իրեն հետ մէկտեղ ապրինք։ Անոր համար մէկզմէկ մխիթարեցէ՛ք եւ իրարու օգնեցէ՛ք, ինչպէս արդէն կ՚ընէք»։ (Ա․ Թես․5-8)։
Շնորհաւոր Ամանոր ձեր բոլորին։
ԿՈՐԻՒՆ Ա. ՔՀՆՅ. ՖԷՆԷՐՃԵԱՆ