ՔՐԻՍՏՈՍՈՎ ՆՈՐ ՅՈՅՍԻ ՄԸ ՊԱՏԸ ԿԵՐՏԵՆՔ, ԸՆԴԴԷՄ ԸՆԿՃՈՒՄՒՆ

 Ահաւասիկ կը մօտենանք բոլորելու 2020 տարին, որ աշխարհի տարածքին դարձաւ ընդհանրապէս մահուան եւ մարդկային անկարողութեան խորհրդանիշը։ Աշխարհասասան քորոնա համավարակով անցած օրերը տեսնելէ յետոյ, գոհութիւն եւ փա՜ռք մատուցանելու ժամանակը հասաւ Աստուծոյ՝ Ամենակալին ողորմութեան։ Փա՜ռք տալ, քանի այս տարի եւս մեր Արարիչը կ՚առաջնորդէ մեզ «Ամանոր» բառին յուսադրիչ ներկայութեան ու յոյսոյ զանգակները ղօղանջել կը սկսին Սուրբ Հոգիին բնակարանը դարձած «Աստուծոյ Տաճար»ներուն՝ մարդ արարածոց իրականութեանց մէջ։ Ահաւասիկ, մենք կ՚արժանանանք նոր առիթներ գտնելու մեր կեանքերը առաւել եւս բարելաւելու, «Նոր Մարդ», «Պայծառակերպուած Անձ» դառնալու եւ, աւելի՛ն, հաւատքի մէջ առաւել եւս «զօրացած» ու «պարարտացած» զաւակները ըլլալու մեր Երկնաւոր Հօր։ Կարծէք, այս տարին պիտի դառնայ սրածայր մկրատ մը, որ անորոշութեան ախտը իր սրտէն պիտի խոցէ ու իր զօրաւոր ներգործութեամբ պիտի հեռացնէ սգաքօղը մարդկութեան։ Ուրախութիւն եւ տխրութիւն, մահ եւ կեանք, հարստութիւն եւ նսեմութիւն եւ տակաւին բազում հականիշ տարրեր իրարու գիրկընդխառնուած, մեզի հետ միասին կը քալեն դէպի 2021-ի Ամանորին սեմը։

Չենք գիտեր. Նոր տարին արդեօք հինին նման անձնական կեանքով, զանազան աշխարհիկ զբաղումներով, աղքատները զրկելով, պատերազմներու ձայներուն սիրահարուելով, վաղանցիկ պարծանքներով հրապուրուելով նոր օրե՞ր պիտի բերէ, թէ ոչ Աւետարանի ուսուցումներով, աղօթքով, բարեգործութեամբ, սիրաբաշխութեամբ, խոնարհութեամբ եւ նման բարեմասնութիւններով լի օրեր։ Չենք գիտեր, թէ ի՞նչպիսի զարգացումներ տեղի պիտի ունենան մեր անձնական եւ հաւաքական կեանքէն ներս, սակայն տեսանելի եւ զգալի է, թէ աշխարհի մեծամասնութիւնը շատ բան կը սպասէ Ամանորէն, որուն գլխաւոր մաղթանքը գրեթէ բոլոր մարդկութեան մօտ կը մնայ շնորհաւորութիւն։

Անտարակոյս, զգացումներով ողողուած մեր կեանքի ուղին, պէտք չէ բաւականայ լոկ ուրախութեամբ, երբ օրացոյցերու մէջ տարեթիւ մը եւս փոփոխութեան կ՚ենթարկուի եւ տարի մը եւս կը յաջորդէ նորին։ Յատկապէս, ճշմարիտ հաշուեյարդար մը պէտք է կատարել, որպէսզի տեսնենք, թէ տխրահռչակ տարիէն ի՞նչ կը մնայ մեր մօտ, բարոյական եւ կամ նիւթական, ժխտական եւ կամ դրական իմաստով։ Բանաստեղծ Վահան Թէքէեանի բառերով «Խանդաղատանք մը ծածուկ, օրհնութիւններ անիմաց, երբեմն հատնումը սրտիս ու մերթ արցունք մը անձայն...»:

Այս աշխարհի գնայուն հիւրը՝ կեանքը կը նմանի գարնան շրջանին ծաղկած խոտի մը, որ ժամանակ մը կանաչ մնալէ յետոյ կը թառամի, կը կծկի եւ ի վերջոյ կը չորնայ։ Ահա, Ս. Դաւիթ մարգարէն, անցեալն ու ներկան արժեւորելով դէպի ապագայ ընթանալու մասին ի զուր չէ երգած հետեւեալ խրատականը. «Տէրոջը յուսա՛ ու բարութիւն ըրէ՛, Երկրին վրայ բնակէ՛ ու ճշմարտութեան մէջ արածուիր։ Ու Տիրոջմով ուրախացիր, քանզի Անիկա կուտայ քեզի քու սրտիդ խնդրուածքները» (Սղմ. 36.3-4)։ Եթէ իսկապէս, սահմանաւորուած կեանք մը ունինք, հապա Ամանորի առիթով ինչո՞ւ մեր հոգիները ուրախութեամբ կը լեցուին եւ նոր երազներով ու յոյսերով կը թիավարենք դէպի նոր տարեսկիզբը։ Գիտնալով որ տարի մը եւս կը մօտենանք անխուսափելի վախճանին եւ մեր կեանքի թելը քիչ մը եւս կը կարճի, փոխանակ տրտմելու ինչո՞ւ կը զուարճանանք անհասկնալիօրէն։ Այս հակասութեան մէջ միթէ չկա՞յ խորհրդաւոր ու Աստուածային զգացում մը, որ տխրահռչակ բոլոր զգացումները թօթափելով, մարդը կը պատէ մխիթարութեամբ եւ ուրախութեամբ։

Մեր ուշադրութիւնը դարձնենք 2020-ի վրայ, եւ վստահաբար շատ անգամ պիտի իմանանք անցաւոր զբաղմունքներու ունայնութիւնը քորոնա համավարակի օրերուն։ «Վայելչութիւնը ունայն է» (Առ. 31.30) պիտի ըսենք յիշատակին դիմաց այն նշանաւոր անձերուն, որոնք հանրածանօթ ըլլալով հանդերձ չկարողացան տեսնել Ամանորը իրենց բարեկամներուն մօտ։ Յուզում, պոռթկում, վախ, ափսոսանք եւ պէսպէս անախորժ զգացումներով ծանրաբեռնուած մարդկային տկարութենէն շատերս մեր մասն ու բաժինը առինք։ Սակայն, այս բոլորը պիտի դառնան գուցէ անկրկնելի կեանքի դաս մը, որ շատերուս պիտի սորվեցնէ մտածել թէ՝ «Միայն հացով չ՚ապրիր մարդ, այլ այն ամէն խօսքով որ կ՚ելլէ Աստուծոյ բերնէն» (Մատթ. 4.4) եւ Տէրը «յաւիտենական կեանքի խօսքեր ունի» (Յովհ. 6.70)։ Իսկոյն, քորոնայի մահարձակ ներկայութիւնը թէկուզ խլեց մեր աւանդութիւններն ու վարժուած կեանքը, սակայն խառնակութեամբ լի տարիի մը աւարտին մօտ, Առաքելական վկայութիւնը կրկնելու առիթը կը գտնենք Քրիստոնէական հաւատքով. «Ան որ սկիզբէն էր, որուն մասին լսեցինք, որուն ականատես իսկ եղանք, որուն նայեցանք, եւ մեր ձեռքերը շօշափեցին կենաց Բանը - քանի որ կեանքը յայտնուեցաւ, եւ մենք տեսանք, կը վկայենք ու կը պատմենք ձեզի…» (Ա. Յովհ. 1.1-2)։ Սխալ պիտի չըլլայ ըսել՝ թէ այս տարի մեր անձնական, ընտանեկան, ազգային եւ կամ համաշխարհային մորթին վրայ զգացինք մարմնին վաղանցուկ, հոգիին մնայուն ըլլալը։

Ահաւասիկ, Ամանորը կը դառնայ, ընդհանրապէս համայն մարդկութեան եւ մասնաւորապէս մեր սիրելիներուն համար բարեմաղթութիւններ կատարելու եւ յատկապէս աղօթելու առիթ անոնց համար։ Թող որ Աստուած, Նոր տարիին մեր ընտանիքները արժանացնէ երգելու Մովսէսի Գոհաբանական երգը, երբ իր ժողովուրդը անցաւ մահուան խորխորատէն. «Քու ողորմութեամբդ առաջնորդեցիր այս ժողովուրդին որ դուն փրկեցիր, Քու զօրութիւնովդ տարիր զանոնք քու սուրբ բնակութիւնդ» (Ել. 15.13)։ Եկէ՛ք, Քրիստոսով նոր յոյսի պատ մը կերտենք ընդդէմ հոգեկան, նիւթական ու բարոյական ընկճումին։ Նոր տարին դառնայ օրհնութեան գանձարան եւ տարեվերջի գիշերը երբ ժամացոյցի սլաքները միանան 00.00-ին, սկսի երկնառաք աղբիւրէն հոսիլ օրհնութիւն, սէր եւ միաբանութիւն բոլոր հաւատացեալներուն վրայ։

Շնորհաւոր Նոր տարի։

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2020