2021 ԹՈՒԱԿԱՆԸ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՄԱՆ ՏԱՐԻ

«Նորոգուած կեանքով ապրինք» (Հռոմ. 6:4)

Երկու հազար տարի առաջ Բեթղեհէմի համեստ մսուրին մէջ ծնած «Խաղաղութեան Իշխան»ը մարդկութեան նոր յոյս տուաւ: Մանուկ Յիսուսը մարդկութիւնը վեր հանեց իր ամենամութ, տկար ու անյոյս վիճակէն եւ բերաւ սէր ու խաղաղութիւն ամբողջ աշխարհին: Աստուծոյ մարդեղացումը մարդկութեան տուաւ փրկութեան յոյս եւ ճանապարհ: Աստուծոյ Միածին Որդիի Ծնունդը, Աստուածայայտնութիւնը յստակ նպատակ ունէր՝ մարդոց փրկութիւնը, չարէն ու մեղքէն ազատուիլը, այսինքն մարդկութեան ամբողջական վերանորոգումը։ Քրիստոս ինքն իսկ եղաւ, է եւ պիտի շարունակէ ըլլալ աղբիւրն ու ճանապարհը վերանորոգման։

Հայ ազգը այսօր աշխարհով մէկ իր պատմութեան ամենաճատագրական խաչմերուկին վրայ է, ուր բազմաթիւ ու հսկայական ներազգային եւ արտաքին խնդիրներ ծառացած են մեր ժողովուրդի ներկային ու ապագային առջեւ: Այսօր, աւելի քան երբեք՝ իւրաքանչիւր հայ, ուր որ ալ ըլլայ, կոչուած է իր հաւատքը զօրեղ պահելու՝ Քրիստոսի տուած սիրով, համերաշխութեամբ եւ անհատական ու հաւաքական փրկութեան յոյսով:  Այսօր մենք՝ հայ ժողովուրդի զաւակներ, ամէն տեղ կարիքն ունինք ազգային վերանորոգման։ Առկայ հիւանդագին վիճակէն ազատուելու եւ բուժուելու միակ ճանապարհը վերանորոգումն է։ «Մերկանալ մեր իսկ մէջ հնացեալ մարդէն», կը պատուիրէ Պօղոս առաքեալ (Եփես. 4:22):

Իւրաքանչիւր հայ-քրիստոնեայ կոչուած է հաշտութեան ու միասնութեան ջատագովը ըլլալու՝ բաժանարար արարքներու դէմ, սիրոյ ու հոգածութեան աղբիւրը ըլլալու՝ թշնամական քարոզչութեան դէմ, համբերատար եւ իմաստուն ըլլալու՝ ազգային մեր վերականգնումին անյարիր հոսանքներու դէմ: 

Հայ ժողովուրդը դարեր շարունակ գոյամարտած է այն անպարտելի հաւատքով, թէ Քրիստոս՝ Միածինը, որ իջաւ Հայաստան աշխարհ, ինքն իսկ է «ճանապարհը եւ Ճշմարտութիւնը եւ Կեանքը» (Յովհն. 14:6):

Առանց իւրաքանչիւրիս հաւատքին ու ներքին հոգեւոր ուժին, հնարաւոր չէ յաղթահարել մեր հաւաքական մարտահրաւէրները: Առանց Աստուածատուր պատգամներու պահպանման եւ հաւաքական սիրոյ ու համերաշխութեան, հնարաւոր չէ մեր ազգային կեանքը վերակերտել: 

Այս տարի Ս. Ծննդեան տօնը առաւել կարեւոր իմաստ մը ունի բոլորիս համար: Թող Յիսուս մանուկը ծնի իւրաքանչիւրիս էութեան մէջ:  Թող մեր ազգային կեանքն ու հայրենիքը վերանորոգուին ու  վերակերտուին մեր աղօթքներու ու սիրոյ ուժով եւ համերաշխութեամբ:

ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ.
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ։

ԽԱԺԱԿ ԱՐՔ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2020