ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԿԸ ԺԱՄԱՆԷ ՎԱՏԻԿԱՆ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այսօր կը ժամանէ Վատիկան, ուր վաղը տեղի պիտի ունենայ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի արձանի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը։ Ինչպէս ծանօթ է, վերջին շրջանին Հռոմէական կաթոլիկ եկեղեցին Ս. Գրիգոր Նարեկացին հռչակած էր՝ Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ։ Այս հիման վրայ ներկայիս Վատիկանի մէջ կը բացուի իր արձանը։
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը ներկայ կը գտնուի բացման հանդիսաւոր արարողութեան, որու տանտէրն է Ֆրանսիսքոս Ա. Քահանայապետը։ Սրբազան Պապի հրաւէրով Վեհափառ Հայրապետը Վատիկան կ՚այցելէ՝ ընկերակցութեամբ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի, Մայր Աթոռի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեանի, Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժնի տնօրէն Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեանի եւ Տեղեկատուական համակարգի տնօրէն Տ. Վահրամ Քհնյ. Մելիքեանի։
Ինչպէս ծանօթ է, վաղուան արարողութեան ներկայ պիտի գտնուի նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւն մը։
Թուրքիոյ Հայ կաթողիկէ հասարակութեան վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեանն ալ այսօր Վատիկան կը մեկնի՝ մասնակցելու համար վաղուան բացման արարողութեան։
Հարկ է նշել, որ Վատիկանի մէջ գոյութիւն ունի նաեւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի արձանը։
Վատիկանի մէջ Նարեկացիի արձանի տեղադրման աշխատանքները անցեալ ամսուան վերջին օրերուն արդէն հասած էին իրենց աւարտին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Վատիկանի մօտ Հայաստանի դեսպան Միքայէլ Մինասեան անմիջական ուշադրութեամբ հետեւեցաւ այս գործընթացին։ 2016-ի Յունիսին, Ֆրանսիսքոս Ա. Պապի Հայաստան այցելութեան ժամանակ, նախագահ Սերժ Սարգսեան իրեն նուիրած էր Ս. Գրիգոր Նարեկացիի արձանին մանրակերտը։ Այդ նուէրը յանձնելու ժամանակ Սերժ Սարգսեան յոյս յայտնած էր, թէ մեծ տարբերակը կը տեղադրուի Վատիկանի մէջ։ Սրբազան Պապը իր հաւանութիւնը տուած էր՝ հաւնած ըլլալով նաեւ արձանը։ Կարճ ժամանակ անց ստեղծագործական խումբը՝ Դաւիթ Երեւանցիի գլխաւորութեամբ գործի ձեռնարկեց։ Ճարտարապետ Միքայէլ Հասրատեան եւ ծրագրի ղեկավար Վարդան Կարապետեանն ալ աշխուժօրէն ներգրաւուեցան ստեղծագործական աշխատանքներուն։ Դեսպան Միքայէլ Մինասեանի անմիջական գործակիցներէն Արթուր Ճանիբեկեանն ալ գործնականօրէն դարձաւ արձանի երկրորդ բարերարը։ Քրտնաջան աշխատանքէ վերջ, Գրիգոր Նարեկացիի 2 մեթր բարձրութեամբ պրոնզէ արձանը ձուլուեցաւ Չեխիոյ մէջ։
Ըստ նոյն աղբիւրներուն, իտալական մամուլն ալ վերջին օրերուն արձագանգ հանդիսացած է Նարեկացիի արձանի բացման։