ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԵՑ ԴԻԼԻՋԱՆԻ ՄԷՋ ԿԱՌՈՒՑՈՒԵԼԻՔ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀՈՂՕՐՀՆԷՔԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ
Հայաստանի Տաւուշի մարզի Դիլիջան քաղաքին մէջ վերջերս Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախագահեց նոր կառուցուելիք եկեղեցիի մը հողօրհնէքի հանդիսաւոր արարողութեան։ Այս եկեղեցին պիտի կառուցուի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի, Դիլիջանի քաղաքապետարանի, «Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ» հիմնադրամի եւ «Դիլիջանի զարգացման հիմնադրամ»ի համատեղ ջանքերով։ Եկեղեցաշինական ծրագրի բարերարներն են Ռուբէն Վարդանեան, Գագիկ Ադիբէկեան, Մաքսիմ Աթաեանց եւ Արմէն Կարապետեան։
Դիլիջանի մէջ Վեհափառ Հայրապետը դիմաւորուեցաւ աղ ու հացի աւանդական արարողութեամբ։ Ապա քաղաքի ժողովուրդին դիմեցին քաղաքապետ Արմէն Սանթրոսեան եւ «Դիլիջանի զարգացման հիմնադրամ»ի ղեկավար Արթուր Յակոբեան։ Աւելի վերջ, Տաւուշի Թեմի Առաջնորդ Տ. Բագրատ Եպսկ. Գալստանեան ողջունեց Վեհափառ Հայրապետը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոր օրհնաբեր այցելութեան համար։ Թեմակալ առաջնորդը ուրախութիւն յայտնեց, որ պատմական երկար ընդմիջումէ մը վերջ Դիլիջան քաղաքը պիտի զարդարուի նոր աղօթատունով մը։
Աւելի վերջ, եկեղեցւոյ կառուցուելիք վայրին վրայ կատարուեցաւ հողօրհնէքի արարողութիւնը, որու ընթացքին Վեհափառ Հայրապետին գլխաւորութեամբ հոգեւորականաց դասը աղօթեց կառուցուելիք սրբավայրի անսասանութեան եւ պայծառութեան համար։
Ապա ներկաներուն իր հայրապետական պատգամը փոխանցեց Նորին Սրբութիւնը, որ ըսաւ. «Հոգիի բերկրանքով այսօր կատարեցինք Դիլիջանի մէջ կառուցուելիք եկեղեցւոյ հողօրհրէքի արարողութիւնը։ Դարեր շարունակ Հայաստանի բոլոր բնակավայրերուն մէջ եկեղեցական կառոյցներ, աղօթավայրեր հիմնուած են մեր բարեպաշտ հայրերուն ջանքերով՝ հաւատացեալ հայորդիներու հոգատարութեան եւ հոգեւոր խնամք ցուցաբերելու, Աստուծոյ հետ հաղորդակցութիւնը մշտարթուն ու կենդանի պահելու համար»։
Վեհափառ Հայրապետը Աստուծոյ փառք վերառաքեց, որ կեանքի կը կոչուի Դիլիջանի եկեղեցւոյ երկար սպասուած կառուցումը։ Կառուց-ւելիք եկեղեցին աստուածային երկնառաք նոր օրհնութիւն պիտի բերէ Դիլիջանի բնակիչներուն եւ պիտի պայծառազարդէ անոնց հոգեւոր-եկեղեցական կեանքը։ «Եկեղեցին յուշարարն է մեր առաքելութեան՝ ապրելու Բարձրեալի կամքի ու պատուիրաններուն համաձայն, հեռու մնալու մեղքէ ու չարիքէ, ազգային-եկեղեցական մեր անդաստանէն ներս առատացնելու հայրենաշէն ու ազգաշէն աստուածահաճոյ ձեռնարկումները», աւելցուց Վեհափառ Հայրապետը։
Հողօրհնէքի արարողութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Եզրաս Արք. Ներսիսեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Դիւանապետ Տ. Արշակ Եպսկ. Խաչատրեան, լուսարարապետ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեան, Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի տնօրէն Տ. Վարդան Եպսկ. Նաւասարդեան, Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժնի տնօրէն Տ. Շահէ Վրդ. Անանեան, Վեհափառ Հայրապետին գաւազանակիրը՝ Տ. Աղան Աբեղայ Երնջակեան, Մայր Աթոռի Տեղեկատուութեան համակարգի տնօրէն Տ. Վահրամ Քհնյ. Մելիքեան եւ այլ հոգեւորականներ։
Միւս կողմէ, երէկ, Վեհափառ Հայրապետը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Ռուսաստանի Դաշնակցային խորհուրդի նախագահ Վալենթինա Մաթվիենքոն, որ վերջին օրերուն պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Հայաստան։ Բարձրաստիճան հիւրին կ՚ուղեկցէր Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Հերմինէ Նաղդալեան։ Նորին Սրբութեան կողքին էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան եւ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի Թեմի Առաջնորդ Տ. Եզրաս Արք. Ներսիսեան։
Մաթվիենքօ նշեց, թէ հայ եւ ռուս ժողովուրդները կը միաւորուին քրիստոնէական միեւնոյն արժէքներու վրայ խարսխուած հոգեւոր ընդհանրութիւնով, ինչ որ կը զօրանայ ու կ՚ամրապնդուի նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական եւ Ռուս Ուղղափառ եկեղեցիներու ջանքերով։