ՀԱՅՈՑ ԱՌԱՋԻՆ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉՆԵՐՈՒ ՏՕՆԸ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին շաբաթավերջին նշեց հայոց առաջին լուսաւորիչներ՝ Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս առաքեալներու տօնը։ 2015 թուականին Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի սրբատառ կոնդակով այս առաքեալներու տօնը հռչակուած էր աստուածամուխ Ս. Գեղարդի ուխտի օր։ Ուստի, հաւատացեալներու օրհնութեան համար Մայր Աթոռի մէջ ի պահ դրուած համաքրիստոնէական այս սրբութիւնը դուրս բերուեցաւ հաւատացեալներու օրհնութեան համար։ Բերկրառատ տօնին առթիւ Մայրավանքի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր արարողութիւն։ Վեհափառ Հայրապետի նախագահութեամբ Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եւ Ս. Վարդան մատուռ-մկրտարանին մէջ։ Պատարագիչն էր Մայր Աթոռի Թանգարաններու եւ արխիւի տնօրէն Տ. Ասողիկ Քհնյ. Կարապետեան։ Արարողութեան հետեւեցան բարձրաստիճան հոգեւորականներ եւ ուխտաւոր հաւատացեալներ։ Ս. Պատարագի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետի կողմէ գլխաւորուած եկեղեցական հանդիսաւոր թափօրը հին Վեհարանէն Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եւ Ս. Վարդան մատուռ-մկրտարան տարուեցաւ աստ-ւածամուխ Ս. Գեղարդը։ Նորին Սրբութիւնը, օրհնելով ներկայ ժողովուրդը, հնարաւորութիւն ընձեռեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ համախմբուած հաւատացեալներուն՝ երկրպագելու եւ համբուրելու համաքրիստոնէական այս սրբութիւնը։

Արարողութեան ընթացքին պատարագիչ Տ. Ասողիկ Քհնյ. Կարապետեան խօսեցաւ խրատական մը։ Ան այս առթիւ ըսաւ. «Առաքելական քարոզչութեամբ հայոց աշխարհի եւ հայ ժողովուրդի մէջ դրուեցաւ Աստուծոյ արքայութեան թթխմորը, որ սքանչելապէս խմորեց եւ բարձրացուց հայոց ազգը բարոյական իտէալներու գագաթը՝ դարձնելով նոր ուխտի ընտրեալ եւ յաւիտենական ազգ։ Լուսաւորիչ առաքեալները իրենց կենարար ու փրկարար տեսիլքով այսպէս կերտեցին հայ ժողովուրդը, որ Աստուծոյ արքայութեան թթխմորէն յառաջ եկած լուսեղէն սերունդները իրենց վարքով, մտքի ու ձեռքի արարումներով, կենսակերպով բիւրեղացուցին մեր ինքնութիւնը եւ բոլոր ժամանակներու հոսանքներու ու մարտահրաւէրներու խառնարանին մէջ մնայ անփոփոխելի, անխորտակելի եւ անյաղթահարելի»։ Տէր հայրը նշեց, որ ուստի հայ իրականութեան մէջ չկայ ու չի կրնար ըլլալ այլ թթխմոր մը եւ այդ մէկը միայն Հայաստանեայց Սուրբ Եկեղեցին է։ Հայու եւ Հայաստանի ճշմարիտ լուսաւորութեան, միասնութեան, զօրութեան, շէնութեան եւ անմահութեան այդ թթխմորը այլեւս երբեք ոչ ոք ու ոչինչ կրնայ հեռացնել, զատել իր հարազատ զանգուածէն։ «Այս է մեր հաւատամքը, այս է մեր առաքելութիւնը՝ որպէս հայ հոգեւոր սպասաւորներ եւ որպէս Աստուծոյ արքայութեան ժառանգորդ հայ ժողովուրդ», ըսաւ Տ. Ասողիկ Քհնյ. Կարապետեան, որ խօսեցաւ նաեւ Սուրբ Գեղարդի նշանակութեան շուրջ։ Ան նշեց, որ աստուածամուխ Սուրբ Գեղարդը կենաց զէն մըն է, բայց միեւնոյն ժամանակ բոցեղէն սուր մը, որ կը խորտակէ ամէն չարիք՝ հոգեկան ու մարմնական, երեւելի եւ աներեւոյթ։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 4, 2018