ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Իտալիոյ Պոլզանօ քաղաքի քաղաքապետ Ռենցօ Քարամաչին եւ նոյն երկրի «Եւրակ» հետազօտական կեդրոնի գիտնականները՝ ուղեկցութեամբ Հայաստանի Եւրոպական համալսարանի վերատեսուչ Հեղինէ Պիշարեանի։ Զրոյցի ընթացքին վերատեսուչը Նորին Սրբութեան տեղեկութիւններ փոխանցեց՝ իր գլխաւորած համալսարանի եւ «Եւրակ» հետազօտական կեդրոնի միջեւ ծաւալուած գործունէութեան շուրջ։
Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց հիւրերը՝ անդրադառնալով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի առաքելութեան։ Ան գնահատանքով արտայայտուեցաւ կրթական ոլորտէ ներս ներդրուած ջանքերուն շուրջ՝ ողջունելով կողմերու համագործակցութիւնը։ Վեհափառ Հայրապետը խօսեցաւ նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական եւ Հռոմի Կաթոլիկ եկեղեցիներու սերտ յարաբերութիւններու եւ համագործակցութեան շուրջ։ Հիւրերը բաժնեցին Հայաստանի վերաբերեալ իրենց տպաւորութիւնները։
Նորին Սրբութիւնը մտահոգութեամբ անդրադարձաւ Հայաստանի առկայ անվտանգային խնդիրներուն, Ատրպէյճանի անթաքոյց սպառնալիքներուն ու պարտադրանքներուն՝ կարեւորելով միջազգային հանրութեան զօրակցութիւնը։