ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ՊԱՏԳԱՄԸ

Երէկ, Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութեան տօնին առթիւ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ մէջ համայն հայութեան ուղղեալ տաղաւարի պատգամը տուաւ յընթացս հայրապետական Ս. Պատարագի։ Ստորեւ Վեհափառ Հայրապետին պատգամը կը ներկայացնենք արեւմտահայերէնի վերածելով։

Յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. ամէն:

«Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց»
(Շարական Յարութեան)։

Սիրելի բարեպաշտ հաւատացեալներ,

Այսօր Սուրբ Յարութեան հրաշափառ տօնն է, տօն՝ վերյառնումի, մեղքի ու մահուան հանդէպ յաղթութեան։ Քրիստոս յարութիւն առած է, բացուած է գերեզմանի դուռը, հրեշտակները կեանքի լուսեղէն աւետիսը բերած են, առաքեալները զօրացած եւ ոգեշնչուած են յարուցեալ Փրկչի յայտնութեամբ։ Սքանչելախորհուրդ Յարութեամբ մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս, մարդկութեան պարգեւեց գողգոթաներէն յառնելու, մահուան յաղթելու եւ յաւիտենական կեանքը ժառանգելու երկնային շնորհը։ Մենք այդ վստահութեամբ կը քաջալերուինք, նաեւ գօտեպնդուինք նեղութիւններու ու վշտերու, մահուան ահասարսուռ իրողութեան յանդիման՝ ունենալով հաստատուն հաւատը, թէ Քրիստոս յարութիւն առած է եւ նորոգած է կեանքը, դուրս բերած մարդկութեանը մեղքի ու չարիքի խաւարէն, հաշտութիւն հաստատած մարդու եւ Աստուծոյ միջեւ։ «Աստուած յաւիտենական կեանք տուաւ մեզի. եւ այդ՝ այն կեանքն է, որ Իղ Որդիի մէջ է», կ՚ըսէ առաքեալը (Ա Յովհ. 5.11): Քրիստոսի Յարութեամբ բացուած է օրհնեալ կեանքի, յոյսի, սիրոյ, խաղաղութեան ու համերաշխութեան լուսաւոր ուղին։ Այս կենարար ճանապարհէն շեղումը յարութեան փոխարէն մահ ու աւեր կը սփռէ, փրկութեան փոխարէն՝ դատապարտութիւն եւ կործանում, կեանքը կը դարձնէ ատելութեան, բաժանումներու յորձանուտ՝ լի չարի փորձութիւններով ու վտանգներով։

Սիրելիներ, անցեալ տարի մեր ժողովուրդը Փրկչի նմանութեամբ վերստին կրեց խաչելութեան տառապանքը։ Պատերազմի դժոխային հնոցին մէջ չարչարանաց գողգոթայ անցնելով զոհուեցան հազարաւոր մեր սիրասուն զաւակներ, կորսնցուցինք Արցախի՝ հարազատ հայրենիքի զգալի մասը։ Ինչպէս պատերազմէն առաջ, այնպէս եւ յետպատերազմեան շրջանին մեր կեանքին մէջ հաստատուն չեղան տէրունապատուէր սիրոյ եւ համերաշխութեան նախանձախնդրութիւնը, Աստուծոյ պատգամներու համաձայն կենսակերպը։ Պառակտումներն ու սերմանուող ատելութիւնը, անհանդուրժողութեան ոգին, շարունակուող քաղաքական ալեկոծումները նոր ցնցումներու եւ անկումներու վտանգին առջեւ կանգնեցուցած են մեր երկիրն ու ժողովուրդը՝ ստուերելով նաեւ հայրենանուիրումի ու ազգասիրութեան վեհ գաղափարները։ Իսկ հայրենիքի անվտանգութեան չփարատուող մտահոգութիւնը, հայրենական կեանքի տեսլականի բացակայութիւնը, հիասթափութիւնն ու յուսախաբութիւնը անորոշութեան խաւարով մթագնած են ապագայատեսիլ մեր յոյսերը։ Ոչ մի հանգամանք, ոչ մի նպատակ, ոչինչ կրնայ արդարացնել ազգի ու հայրենիքի մասնատումն ու տկարացումը, ազգային եւ հոգեւոր մեր արժէքներու, նախնեաց աւանդներու ոտնահարումը, նոր սերունդի ապազգայնացումն ու բարոյազրկումը, ազգի արժանապատուութեան ու պատուի նսեմացումը։ Մեր առջեւ ծառացած քաղաքական, տնտեսական, ընկերային բարդ հիմնախնդիրներու յանդիման, ճգնաժամային դժուարին հանգամանքներու ներքեւ թաղման անձաւի մէջ մնալով, իրավիճակէն դուրս գալու անհրաժեշտ գործողութիւններուն մէջ յապաղելով` մեր խաչելութիւնը չի պսակուի յարութեան կենարար զօրութեամբ։ Յարութիւնը չի կայանար մերժելի ատելութեամբ ու թշնամանքով, բաժանումով ու քայքայումով, այլ սիրով եւ հայրենեաց սիրոյ շուրջ համախմբումով, նեղութիւններն ու դժուարութիւնները միասնաբար յաղթահարելով։ Մեր ժողովուրդի կեանքը ի հայրենիս եւ ի սփիւռս կը սպասէ վիշտերու անյապաղ սփոփման, չարչարանքներէ յառնումի եւ յաղթական յարութեան։ Քրիստոսի պարգեւած փրկութեան եւ յարութեան լոյսը, սիրելիներ, կը ճառագէ զոհողութիւններ ստանձնելու առաքինութեան միջոցով, զոհողութիւններ մէկս միւսի հանդէպ, զոհողութիւններ ի սէր ողջ ժողովուրդի։ Այս լոյսի ներքոյ է, որ եսապաշտութիւնը կ՚ընկրկի աստուածապաշտութեան առջեւ, մահաբեր ընթացքը կը շրջուի դէպի կենսատու Աստուած, տառապանքներու մատնող գործողութիւնները կը փոխակերպուին յարուցեալ կեանքի արարումներու՝ առաջնորդելով փրկութեան ու յաւիտենութեան։ Մեր երկիրն ու ժողովուրդը պատուհասներէ վեր հանելը, Արցախի կեանքը աւերներէ բարձրացնելը եւ հայութեան ու հայրենիքի վերածնունդը հրամայական յանձնառութիւն են՝ իրագործելի ազգի բոլոր զաւակներու, քաղաքական կուսակցութիւններու, մասնաւորապէս մեծագոյն պատասխանատուութիւնը կրող իշխանութիւններու կողմէ։ Հայրենաշէն ջանքերը կը պսակուին յաջողութեամբ պետականութիւնը օրհասական իրավիճակէ փրկելու նախանձախնդրութեամբ, անձնական յաւակնութիւններէ հրաժարելով, պետութեան ու ազգի շահը գերադասելով։ Այս ոգիով յաղթական հանգրուանի պիտի հասցնենք մեր ցաւագին կորուստներու վերականգնման, մեր ազգային իրաւունքներու պաշտպանութեան, (…) մեր նուիրական ձգտումները։

Սիրելիներ, Քրիստոս յարութիւն առած է եւ մեզի պարգեւած զօրութիւնը նորոգելու մեր հոգիները, մեր կեանքը։ Չյուսալքուինք ու թեւաթափ չըլլանք մեզ պաշարած փորձութիւններու յանդիման։ Զօրացեալ մնանք յարութեան հաւատով։ Յարութեան հրաշքը կենսագործենք մեր երկրին ու կեանքին մէջ։ Ջերմ իղձերով փարած մնանք մեր հարազատ բնօրրանին՝ մեր հողին, ջուրին, մեր օճախին, կանխելու համար արտագաղթը հայրենիքէն եւ հզօրացնելու մեր պետութիւնը։ Տիրոջ զօրակցութեամբ պիտի յաղթահարենք մեր կեանքի դառնութիւններն ու արհաւիրքները՝ հասնելով մեր յոյսերու ու տեսիլքներու իրագործման եւ յարուցեալ նոր կեանքի կերտման։

Հոգենորոգ այս օրը աղօթք բարձրացնենք, որ Փրկիչ մեր Տիրոջ օրհնութիւնն ու շնորհները սփռուին մարդկանց սրտերուն՝ խաղաղութիւն եւ բարօրութիւն բերելով աշխարհին, իմաստութիւն քաղաքական գործիչներուն՝ պետական ու հասարակական կեանքը կարգաւորելու եւ բարեկեցութեան առաջնորդելու պատասխանատուութեան մէջ։ Աղօթենք պատերազմին վիրաւորուած մեր զաւակներու առողջութեան, գերիներու եւ անյայտ կորածներու վերադարձի, մեր զոհուած քաջորդիներու եւ համավարակէ մահացածներու հոգիներու հանգստութեան համար՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի խօսքի մխիթարութեամբ. «Ես իսկ եմ յարութիւն եւ կեանք. ով կը հաւատայ Ինձ, թէպէտ եւ մեռնի, կ՚ապրի» (Յովհ. 11.25)։ Թող Սուրբ Զատկի յուսառատ աւետիսը հայրենաշէն երազներու իրագործման զօրութիւնը պարգեւէ աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդին։ Եւ թող Յարութեան արշալոյսով զարդարուի երկնակամարը մեր ազգային-եկեղեցական կեանքի, եւ խաղաղ ու ապահով մնայ մեր հայրենիքը՝ Հայաստան ու Արցախ աշխարհը, հաւատքով ամուր, սիրով ու միասնական՝ մեր ժողովուրդը, այսօր եւ միշտ եւ յաւիտեան. ամէն։

Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց,
Օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի

Երկուշաբթի, Ապրիլ 5, 2021