ՅԱՂԹԱԿԱՆ ՀԱՒԱՏՔՈՎ

​Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ ե­րէկ ապ­րուե­ցաւ յատ­կան­շա­կան օր մը։ Նա­խորդ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցած Սրբա­լոյս Միւ­ռո­նի օրհ­նու­թեան ա­րա­րո­ղու­թեան ի շա­րու­նա­կու­թիւն ապ­րուե­ցաւ հո­գե­ւոր մեծ հրճուանք։ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը նա­խա­գա­հեց ե­րէ­կուան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն։ Յա­ւարտ Ս. Պա­տա­րա­գի նո­րօրհ­նեալ Սրբա­լոյս Միւ­ռո­նով Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Ջրօրհ­նէ­քի հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւն։ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը «Յաղ­թու­թեան Միւ­ռոն» կո­չած էր ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին օրհ­նած Սրբա­լոյս Միւ­ռո­նը, ո­րով կա­տա­րուած Ջրօրհ­նէքն ալ խորհր­դան­շա­կան վառ վկա­յու­թիւն մը դար­ձաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի յաղ­թա­կան հա­ւատ­քին տե­սա­կէ­տէ։ Մայր Տա­ճա­րի ե­րէ­կուան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը ապ­րե­ցան յու­զում­նա­լի պա­հեր՝ հեր­թա­կան ան­գամ հա­ղորդ դառ­նա­լով Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ գե­րա­գոյն նուի­րա­կա­նու­թիւն­նե­րուն։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 5, 2015