ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԻՋԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄԷՆ ՅՍՏԱԿ ԿԵՑՈՒԱԾՔ Կ՚ԱԿՆԿԱԼԷ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԱՌԿԱՅ ԿԱՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԷՊ

Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Տ.Տ. Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սը վեր­ջին օ­րե­րուն Գա­հի­րէի մէջ նա­խա­գա­հեց Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի Ե­կե­ղե­ցի­նե­րու խոր­հուր­դի գոր­ծա­դիր վար­չու­թեան ժո­ղո­վին, որ տե­ղի ու­նե­ցաւ Ղպտի Ուղ­ղա­փառ Ե­կե­ղեց­ւոյ Ս. Մար­կոս մայ­րա­վան­քին մէջ։

Ժո­ղո­վի բաց­ման ըն­թաց­քին ե­լոյ­թով մը հան­դէս ե­կաւ Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սը, որ յայտ­նեց, թէ իբ­րեւ քրիս­տո­նեայ հա­մայնք­ներ ու իբ­րեւ ե­կե­ղե­ցի ի­րենք ան­մի­ջա­կան մէկ մաս­նիկն են Մի­ջին Ա­րե­ւել­քին, ազ­դուած են ու տա­կա­ւին կ՚ազ­դուին տա­րած­քաշր­ջա­նէն ներս առ­կայ ա­ղի­տա­լի կա­ցու­թե­նէն։ «Բո­լոր ե­կե­ղե­ցի­նե­րը հսկայ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րու դի­մաց կը գտնուին եւ այդ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը դի­մագ­րա­ւե­լու հա­մար հրա­մա­յա­կան է ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն միու­թիւ­նը։ Մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան շար­ժու­մը պէտք է իր յստակ կե­ցուածքն ու պա­տաս­խա­նը ու­նե­նայ Մի­ջին Ա­րե­ւել­քէն ներս տի­րող կա­ցու­թեան հան­դէպ։ Միաս­նա­կա­նու­թիւ­նը պէտք է նկա­տել աղ­բիւ­րը մեր զօ­րու­թեան։ Այս գի­տակ­ցու­թեամբ բո­լորս որ­պէս Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի Ե­կե­ղե­ցի­նե­րու խոր­հուրդ հա­ւա­քուած ենք միաս­նա­բար խոր­հե­լու եւ միաս­նա­բար գոր­ծե­լու ընդ­դէմ մեր ե­կե­ղե­ցի­նե­րը վտան­գող ժա­մա­նա­կա­կից կա­ցու­թիւն­նե­րու եւ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րու», յայտ­նեց Նո­րին Սրբու­թիւ­նը Գա­հի­րէի ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին։

 

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 5, 2015