ՍՈՒՐԲ ԳԵՂԱՐԴՈՎ ՏՕՆ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին շաբաթավերջին նշեց հայոց աշխարհի առաջին լուսաւորիչներուն՝ Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս առաքեալներու ցնծալի տօնը։ Բերկրառատ օրուան առթիւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախագահեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցած տօնակատարութիւններուն։ Ս. Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ պատարագեց եւ քարոզեց Տ. Գէորգ Եպսկ. Սարոյեան։
Օրուան տօնին առթիւ դուրս բերուեցաւ Աստուածամուխ Սուրբ Գեղարդը։ Հայրապետական հանդիսաւոր թափօրով Սուրբ Գեղարդը տարուեցաւ Մայր Տաճար, ուր ուխտաւոր հաւատացեալները ստացան աստուածային բիւր օրհնութիւններ անոր միջոցաւ։
Ս. Պատարագի աւարտին Վեհափառ Հայրապետը Ս. Գեղարդով օրհնեց եւ արձակեց հաւատացեալ ժողովուրդը։
Տօնակատարութիւններէն վերջ մինչեւ երեկոյեան ժամերգութեան աւարտը Սուրբ Գեղարդը մնաց Մայր Տաճարի մէջ ի տես եւ ի երկրպագութիւն հաւատացելոց։