ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՄԵԾ ՏՕՆ

Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին շաբաթավերջին տօնախմբեց Հայոց աշխարհի առաջին լուսաւորիչներուն՝ Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողոմէոս առաքեալներու յիշատակի տօնը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ մեծ շուքով նշուեցաւ Հայոց Եկեղեցւոյ հիմնադիր այս առաքեալներուն ձօնուած տօնը։ Տակաւին 2015 թուականին այս տօնը Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի Հայրապետական սրբատառ կոնդակով հռչակուած էր Աստուածամուխ Ս. Գեղարդի ուխտի օր։

Շնորհառատ օրուան կապակցութեամբ Միածնաէջ Մայր Տաճարին մէջ Վեհափառ Հայրապետի հանդիսապետութեամբ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ։ Պատարագիչն էր Տ. Ասողիկ Քհնյ. Կարապետեան։ Արարողութեան ներկայ էին թեմական առաջնորդներ, Մայր Աթոռի մէջ պաշտօնավարող եպիսկոպոսներ, միաբաններ, ներքին թեմերէն հոգեւոր սպասաւորներ եւ ուխտաւորներ։

Սրբազան արարողութեան ընթացքին հայրապետական հանդիսաւոր թափօրով հին վեհարանէն Մայր Տաճար բերուեցաւ հրաշագործ Սուրբ Գեղարդը՝ որպէսզի համայն հայութեան հոգեւոր կեդրոնին մէջ ուխտաւորաբար համախմբը-ւած հաւատացեալ ժողովուրդին հնարաւորութիւն ընձեռուի երկրպագելու, հպուելու եւ համբուրելու Սուրբ Էջմիածնի մէջ ի պահ դրուած համաքրիստոնէական այս մեծագոյն սրբութիւններէն մէկուն՝ Ս. Գեղարդի։

Պատարագիչ տէր հայրը արարողութեան ընթացքին խօսեցաւ խրատական մը։ Ս. Պատարագի աւարտին Վեհափառ Հայրապետը «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց ներկաները՝ իր պատգամն ու բարեմաղթանքը փոխանցելով բարեպաշտ ժողովուրդին։

Ս. Գեղարդը Մայր տաճարի մէջ մնաց մինչեւ երեկոյեան ժամերգութեան աւարտը՝ աստուածային օրհնութիւն բաշխելով այս առթիւ Մայր Աթոռ այցելած հազարաւոր հայ կամ օտարազգի հաւատացեալներուն։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 5, 2017