ԲԺԻՇԿՆԵՐՈՒ ՀԵՏ ՋԵՐՄ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց խումբ մը ֆրանսացի բժիշկներ, որոնք մարդասիրական առաքելութիւն կ՚իրականացնեն Հայաստանէ ներս։ Ներկայ էր նաեւ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմի առաջնորդական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Գրիգոր Վրդ. Խաչատրեան։

Մարդասիրական առաքելութեան պատասխանատու տքթ. Լեւոն Խաչատրեան Վեհափառ Հայրապետին տեղեկացուց, որ Արցախի պատերազմի սկիզբէն ի վեր մարդասիրական եւ բժշկական օգնութեան նպատակով ձեռնարկուած առաքելութեան շրջանակներէն ներս Ֆրանսայէն բժիշկներու արդէն երրորդ խումբը կ՚այցելէ Հայաստան։ Ան մանրամասնութիւններ ներկայացուց այդ առաքելութեան արդիւնքներուն շուրջ։

Նորին Սրբութիւնը հանդիպման ընթացքին բարձր գնահատեց ֆրանսացի բժիշկներու ազնիւ յանձնառութիւնը։ Ան նշեց, որ նմանօրինակ մարդասիրական ծրագրերը մեծ օգտակարութիւն ունին եւ կարեւոր զօրակցութիւն կը համարուին ի նպաստ հայ բժիշկներուն՝ վիրաւոր զինուորներու բուժման ճանապարհին։ Վեհափառ Հայրապետը նաեւ իր երախտագիտութիւնը փոխանցեց Ֆրանսայի իշխանութիւններուն ու մասնաւորապէս նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնին այս կարեւոր աջակցութեան համար։

Իրենց հերթին ֆրանսացի բժիշկներն ալ շնորհակալութիւն յայտնեցին Վեհափառ Հայրապետին, որու հետ քննարկուեցան առկայ անհրաժեշտութիւններն ու կարիքները։

Հուսկ, Վեհափառ Հայրապետը աղօթեց խաղաղութեան համար՝ հայցելով Երկնաւորէն, որպէսզի որեւէ ազգ կամ ժողովուրդ չենթարկուի պատերազմի աղիտալի հետեւանքներու ողբերգութեան։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 5, 2020