ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՄԵՐԻԿԱՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն երիտասարդ ուխտաւորներ՝ գլխաւորութեամբ Ուաշինկթըն նահանգի Սիեթըլ քաղաքի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Վազգէն Քհնյ. Պոյաճեանի։ Այս երիտասարդներու ուխտագնացութեան ծրագիրը յառաջ կը տարուի՝ Հայ Եկեղեցւոյ համաշխարհային երիտասարդական միաւորման (ՀԵՀԵՄ) գրասենեակին միջոցաւ։ Անոնք անգլերէնի դասընթացքներ կ՚իրականացնեն Արցախէն տեղահանուած երիտասարդներու համար։

Շաբաթ, Յուլիս 6, 2024