Տ. ՊՍԱԿ ԱՒԱԳ ՔԱՀԱՆԱՅ ԹԷԶԷՆԼԵԱՆԻ ՎԱԽՃԱՆՈՒՄԸ ՄԵԾ ՅՈՒԶՈՒՄ ՍՏԵՂԾԵՑ
Եկեղեցասէր շրջանակները երէկ խոր յուզում ապրեցան՝ վերահասու դառնալով մեր եկեղեցւոյ երէց սպասաւորներէն Տ. Պսակ Աւագ Քահանայ Թէզէնլեանի վախճանման։
Աւազանի անունով Ստեփան, ան ծնած էր 1944-ին, Գումգաբուի մէջ։ Ամուսնացած էր Վարդուհի Անգարաօղլուի հետ ու բախտաւորուած՝ երեք դուստրերով։ Դպրութեան չորս աստիճաններ եւ ուրար կրելու արտօնութիւն ստացած էր 1969-ին, ձեռամբ հոգելոյս Տ. Շահան Արք. Սվաճեանի, Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ մէջ։ Նոյնպէս իր ձեռամբ սարկաւագ ձեռնադրուած էր 1976-ին՝ Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։ 1976-ին, Տ. Շնորհք Պատրիարք Գալուստեանի ձեռամբ քահանայ ձեռնադրուած էր դարձեալ Պիւյիւքտէրէի մէջ։ Որպէս հոգեւոր հովիւ ծառայած էր Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս, Սամաթիոյ Ս. Գէորգ, Սկիւտարի Ս. Խաչ եւ Նարլըգաբուի Ս. Յովհաննէս եկեղեցիներուն մէջ։ Երանաշնորհ Տ. Գարեգին Պատրիարք Գազանճեան իրեն շնորհած էր աւագութիւն եւ ծաղկեայ փիլոն։
1995-ին, երանաշնորհ Տ.Տ. Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ընտրութեան ժամանակ գումարուած Ազգային եկեղեցական ժողովին ընթացքին եղած էր Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի պատգամաւորներու շարքին։ 1999 թուականին ալ այժմու Ամենայն Հայոց Հայրապետին՝ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի ընտրութեան շրջանին գումարուած Ազգային եկեղեցական ժողովին նոյնպէս մասնակցած էր որպէս Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի պատգամաւոր։ 1990 թուականին գումարուած Ազգային պատգամաւորական ժողովին ալ անդամակցած էր՝ հոգելոյս Տ. Գարեգին Պատրիարք Գազանճեանի ընտրութեան շրջանին։ Նոյնպէս 1998 թուականին գումարուած Ազգային պատգամաւորական ժողովին մասնակցած էր որպէս պատգամաւոր՝ Տ. Մեսրոպ Պատրիարք Մութաֆեանի ընտրութեան շրջանին։ Այդ ժողովի արդիւնքին ընտրուած էր Կրօնական ժողովի անդամ։
Շուրջ քառասուն տարի մեր եկեղեցւոյ ծառայութիւն բերելէ վերջ Տէր Հայրը ի Տէր հանգաւ երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն՝ խոր ցաւ պատճառելով եկեղեցասէր շրջանակներուն։
Պատրիարքարանի կողմէ այսօր հրապարակուած մահազդին մէջ ծանուցուած են իր վերջին օծման ու թաղման կարգին վերաբերեալ մանրամասնութիւնները։