ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առթիւ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ փոխանցեց համայն հայութեան ուղղեալ տաղաւարի պատգամը՝ Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարի խորանէն։ Ստորեւ արեւմտահայերէնի վերածելով կը ներկայացնենք հայրապետական պատգամը։

Յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. ամէն:

Փառք հրաշափառ Ծննդեան եւ Յայտնութեան Քո, Տէր:

Սիրելի՛ բարեպաշտ ժողովուրդ,

Այսօր ունկնդիր ենք Քրիստոսի Ս. Ծննդեան աւետիսին եւ խնդութեամբ կ՚օրհնաբանենք Աստուծոյ փրկութեան Իր շնորհի համար: Անոր կը փառաբանենք, կ՚ըսէ առաքեալը, «ով կարող է մեզ պահել անբիծ ու անարատ եւ կանգնեցնել Իր փառքի առաջ անխառն ցնծութեամբ» (Յուդա 24):

Մսուրի մէջ ծնած եւ աշխարհ եկած Մանկան մասին հրեշտակը կ՚աւետէ. «Այսօր Դաւթի քաղաքին մէջ ձեզի համար ծնաւ Փրկիչ մը, որ Օծեալ Տէրն է» (Ղուկ. Բ 11): Քրիստոս ծնաւ Աստուծոյ երկիւղով լեցուն, երկնային առաքինութիւններով զարդարուած Սուրբ Կոյսէն: Աստուծոյ Որդին հասակ առաւ բարեպաշտ ընտանեկան յարկի մէջ Սուրբ Տիրամօր եւ Սուրբ Յովսէփի, որոնք ամէն նեղութեան ու հալածանքի համբերեցին, հոգ տարին Մանուկ Յիսուսին՝ իրենց հաւատաւոր կեանքով դառնալով Անոր աստուածային առաքելութեան մասնակիցը:

Ս. Ծննդեան հրաշազարդ պատկերի մէջ, սիրելինե՛ր, կը տեսնենք, որ փրկութեան ուղին սկիզբ առաւ ընտանիքէն: Ընտանիքէն ծագեցաւ մարդիկը երկնային արքայութեան ժառանգորդը դարձնելու լուսեղէն ճանապարհը: Քրիստոսով, արդարեւ, մենք որդեգիրներն ենք Աստուծոյ: Քրիստոսով մեզի Հայր է Արարիչն Աստուած, Որ կը սիրէ մեզ եւ կը նորոգէ մեր կեանքը Ս. Ծննդեան յուսառատ ու օրհնաբեր ուրախութեամբ: Փրկչի Ծննդեան աւետիսը կ՚ոռոգէ մեր հոգիները, կը լիացնէ մեր հոգեւոր ապրումներն ու զգացումները, կը պարգեւէ ուժ ու զօրութիւն աստուածային կամքի մէջ մնալու, մեր կեանքի ու գործերու մէջ զօրացնելու խաղաղութեան, արդարութեան, սիրոյ, համերաշխութեան ուղիները եւ մշտահունչ պահելու առ Աստուած փառաբանութիւնը. «Փառք հրաշափառ Ծննդեան եւ Յայտնութեան Քո, Տէր»:

Ս. Ծննդեան հոգեպարար զգացումներու մէջ, սիրելի՛ բարեպաշտ ժողովուրդ, մեր աղօթական մտքերն ուղղուած են նաեւ աշխարհի մեծ ընտանիքի հաւատակից մեր այն քոյրերուն ու եղբայրներուն, որոնք նուիրական այս տօնը կը դիմաւորեն վշտի ու նեղութիւններու մէջ: Մեր մտածումները ուղղուած են այնտեղ, ուր մարդկութեան կեանքը տեւականօրէն կ՚ալեկոծեն անարդարութիւնը, գերիշխելու անյագուրդ տենչը, ագահութիւնը, ուր մարդիկ կը շարունակեն կրել աղքատութեան, իրաւունքներու ոտնահարման, պատերազմներու յառաջ բերած աւերներն ու ցաւերը, ուր բռնութիւնը բռնութիւն կը ծնի, ատելութիւնը՝ ատելութիւն, խաբէութիւնն ու սուտը կը բազմապատկուին նոր կեղծիքներով: Այս չարիքները, որոնք ըլլան միջանձնային յարաբերութիւններու, ընտանիքներու մէջ, թէ ազգերու ու պետութիւններու միջեւ, կը տանին դէպի փակուղիներ ու ճգնաժամեր, որոնց յաղթահարման համար շարունակ մեծ ջանք ու ճիգեր կը պահանջուին: Փակուղիներու կը տանին նաեւ կեղծ ազատականութեան աստուածամարտ ընթացքները՝ հեռացնելով տէրունապատուէր կեանքէ, հոգեւորէ, խաթարելով հիմերը առողջ հասարակութեան եւ ամուր ընտանիքի: Քրիստոսի պարգեւած փրկութեան աստուածպատուէր ուղիներով է, որ մարդկութիւնը պիտի կարողանայ Երկիր մոլորակի վրայ ըլլալ ու մնալ որպէս մեծ ընտանիք՝ փոխադարձ սիրով ու օգնութեամբ ամոքելով իր վէրքերը, հոգալով կարիքները, կարգաւորելով այս աշխարհի խնդիրները եւ ծառայելով «յերկիր խաղաղութիւն, ի մարդիկ հաճութիւն» հրեշտակաձայն պատգամին, որ հնչեց շնորհաբեր ժամին Քրիստոսի Ս. Ծննդեան:

Մեր պատմութեան օրհնեալ ժամանակաշրջանին մեր ժողովուրդը Քրիստոսով դարձած է հաւատաւոր մէկ ընտանիք՝ լուսաւորուելով Տիրոջ կենարար շնորհներով: Առ Տէրը հաւատարիմ ընթացքը բարեպաշտ մեր նախնեաց, մենք, որպէս անոնց հարազատ զաւակները, պիտի շարունակենք պահպանել անսասան հաւատով եւ ապրիլ ու գործել յառաջընթացի վճռականութեամբ: Այսօր մեր կեանքի նոր փոփոխութիւններուն մէջ կը թեւածեն յոյսն ու լաւատեսութիւնը՝ նորանոր ձեռքբերումներ արձանագրելու, յաջողութիւններ ու յաղթանակներ կերտելու: Միմեանց ապաւինելով ու սատարելով ի զօրու ենք շէնացնել մեր կեանքը հայրենիքի ու սփիւռքի մէջ, պաշտպանել մեր սահմանները, ազգային արդար իրաւունքները, հզօրացնել Հայաստան ու Արցախ հայրենի մեր երկիրը: Հայրենիքի արժանաւոր զաւակ դաստիարակելու, պետութեան քաղաքացի կրթելու առաջին հանգրուանը ընտանիքն է: Ընտանիքին մէջ կը կերտուի ազգի ապագան, կը դրուին հիմերը հզօր պետութեան: Ընտանիքի գորովաշատ միջավայրէն ներս կը պտղաբերին մանուկ հոգիներու մէջ Աստուծոյ խօսքի սերմանուած հունտերը, կը սնուցուին հոգեւոր-բարոյական արժէքները, բարին ընտրելու աներկիւղ ոգին: Ընտանիքին մէջ մատուցուած օրինակով կը կրթուին միմեանց հանդէպ սէրը, վստահութիւնը եւ հոգատարութիւնը: Արդ, նախանձախնդիր մնանք նուիրականութեան ու ամրութեան ընտանիքի: Անխաթար պահպանենք աստուածահաստատ ընտանիք հասկացութիւնը, անոր սրբութիւնը, ազգային աւանդոյթները, խնամենք ու բարձրացնենք մեր հոգեւոր ու ազգային կեանքը եւ մնանք մշտապէս Տիրոջ որդեգրութեան շնորհի մէջ՝ որպէս հաւատաւոր մէկ ընտանիք, որպէս Աստուծոյ սեփական ժողովուրդ:

Աստուածօրհնեալ ընտանիքի արժէքը եւ հիմնարար առաքելութիւնը կարեւորելով ազգային, պետական ու հասարակական մեր կեանքին մէջ՝ 2019 թուականը կը հռչակենք «Ընտանիքի տարի»: Կը յորդորենք եկեղեցական եւ թեմական մեր կառոյցներուն եւ հոգեւոր սպասաւորներուն նախաձեռնել ընտանիքներուն ուղղուած աջակցութեան ծրագրեր ու միջոցառումներ, կազմակերպել ուխտագնացութիւններ մայր հայրենիք, Ս. Էջմիածին, Տէրունական եւ հայրենական սրբավայրեր՝ զօրանալու հաւատքով, տոգորուելու հայրենեաց սիրոյ ջերմութեամբ եւ ազգի ու հայրենիքի զաւակը ըլլալու նուիրական գիտակցութեամբ:

Ս. Ծննդեան բերկրալի աւետիսով եղբայրական մեր ողջոյնը կը յղենք առաքելական մեր սուրբ եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռներու Գահակալներուն՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Նուրհան Արքեպիսկոպոս Մանուկեանին: Կ՚աղօթենք հիւանդութեան մահիճին մէջ գտնուող Ամենապատիւ Տ. Մեսրոպ Արքեպիսկոպոս Մութաֆեան Պատրիարքի համար: Փրկչի շնորհներու հայցով մեր ողջոյնը կը յղենք քոյր եկեղեցիներու հոգեւոր պետերուն: Հայրապետական օրհնութեամբ կ՚ողջունենք եւ մեր բարեմաղթանքները կը բերենք սրբազան պատարագի արարողութեան ներկայ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատար Տիար Նիկոլ Փաշինեանին եւ ազնուափայլ տիկնոջ: Ողջոյն կը յղենք Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Տիար Արմէն Սարգսեանին եւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Տիար Բակօ Սահակեանին, հայոց պետական աւագանիին, Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական առաքելութիւններու ներկայացուցիչներուն: Հայրապետական մեր սէրը, օրհնութիւնն ու բարեմաղթանքները՝ մեր սուրբ եկեղեցւոյ հոգեւոր դասուն եւ համայն հաւատաւոր մեր ժողովուրդին:

Ս. Ծննդեան հոգենորոգ այս օրը կ՚աղօթենք եւ կը հայցենք, որ աշխարհի մէջ բազմապատկուին երկնային շնորհները, մարդիկ առատութեամբ պտղաբերեն բարի գործեր, սէր, արդարութիւն, խաղաղութիւն, գութ ու ողորմածութիւն, որոնք կը դիմադարձեն չարիքներուն եւ ճանապարհ կը հարթեն դէպի լուսաւոր գալիքը մարդկութեան: Աղօթքով առ Աստուած կը հայցենք, որ Իր ամենախնամ հոգածութեան եւ սիրոյ մէջ պահէ մեր ժողովուրդը եւ պարգեւէ ուժ ու զօրութիւն՝ կերտելու նոր օրը իր կեանքի եւ մնալու օրհնեալ, նուիրեալ ընտանիքը Քրիստոսի՝ հաւատարիմ սրտով միշտ փառաբանելու. «Փառք հրաշափառ Ծննդեան եւ Յայտնութեան Քո, Տէր»:

Գոհաբանական այս զգացումով աշխարհասփիւռ հաւատաւոր մեր ժողովուրդին ցնծութեամբ կ՚աւետենք՝

Քրիս­տոս ծնաւ եւ յայտ­նե­ցաւ,
Ձեզ եւ մեզ մեծ ա­ւե­տիս

Երկուշաբթի, Յունուար 7, 2019