ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄՏԱԾՆԷՆ ՇԱՀԵԿԱՆ ՆՈՐ ԳԻՐՔԵՐ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչական բաժինը, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, լոյս ընծայեց «Արարատ» ամսագրի ժառանգութիւնը ընդգրկող քարոզգիրքի երկրորդ հատորը։ Այս վերջինը նուիրուած է «Արարատ»ի հրատարակութեան 150-ամեայ յոբելեանին։ 1868-1919 թուականներուն «Արարատ» եղած էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի պաշտօնական պարբերականը։ Նոր լոյս տեսած այս գիրքը «Արարատ» ամսագրի մէջ հրատարակուած թարգմանական քարոզներու համահաւաք ժողովածոն է։

Գիրքը հրատարակուած է մեկենասութեամբ «Սարգիս Գաբրիէլեան» հիմնադրամի։ Բաց աստի, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչութեան բաժինը լոյս ընծայեց «Տարեգրութիւն. Սուրբ Էջմիածին, 1872-1880 թուականներ» յուշագրութիւնը։ Այս գործին հեղինակն է Մայր Աթոռի 19-րդ դարու միաբաններէն Տ. Վահան Ծայրագոյն Վարդապետ Բաստամեանց։ Յուշագրութիւնը հրատարակութեան պատրաստուած է աշխատասիրութեամբ պատմաբան Գէորգ Տէր-Վարդանեանի։

Այս գիրքի սկիզբի մասին մէջ հեղինակը կը ներկայացնէ իր կեանքի՝ հոգեւորական դառնալու նախորդած շրջանի համառօտ պատմութիւնը կամ իր կենսագրութիւնը։ Աւելի վերջ կը սկսի բուն «Տարեգրութիւն»ը, որ օրագրութեան ձեւով կը ներկայացնէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ վերոյիշեալ ժամանակաշրջանի պատմութիւնը։ Ըստ հեղինակի, գիրքին մէջ ամփոփուած են նշանաւոր իրադարձութիւններ Սուրբ Գայիանէ վանքի, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ ազգային կեանքի մասին։ Արժէքաւոր են նաեւ այդ ժամանակաշրջանի յայտնի եկեղեցականներու բնորոշում-դիմանկարները։

Այս գիրքն ալ հրատարակուած է «Սարգիս Գաբրիէլեան» հիմնադրամի մեկենասութեամբ։

Մայր Աթոռի հրատարակչութեան բաժինը թափով կը շարունակէ աշխատանքը։

Երկուշաբթի, Մայիս 7, 2018